ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Համայնքային

26219990_887242211435663_2884475298348502243_nՍ. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարին առթիւ, 6 Յունուար 2018, Շաբաթ, ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ, Պատրիարաքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան աւանդական համայնքային ընդունելութիւնը։ Ընդունելութեան մասնակցեցան հոգեւորականներ, համայնային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ համայնքային դէմքեր։

26733397_887242108102340_1932322386674966541_n

26231175_887242224768995_3336955528415393245_nՍ. Ծննդեան ընդունելութիւնը առիթ եղաւ, որպէսզի Ամանորի յաջորդող օրերուն շեշտուի բարեսիրական ոգիին կարեւորութիւնը։ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ արդէն իսկ, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի եւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի առաջնորդութեամբ ու սատարողներու օժանդակութեամբ, ի նպաստ իրաքահայ եւ սուրիահայ գաղթականներուն բարեսիրական ծառայութիւն կը մատուցուի։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը, նկատի ունենալով յիշեալ բարեսիրական աշխատութեան մէջ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ունեցած նիւթական հսկայ ներդրումը, Օրհնութեան Գիր շնորհեց Հոգաբարձութեան, վեր առնելով յիշեալ բարեսիրական աշխատութեան կարեւորութիւնը։

Տեղապահ Սրբազան Հօր Օրհնութեան Գիրը ընթերեց՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Սրբազան Հօր խօսքին մէջ ի միջի այլոց կ՚ըսուէր. «Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը մեր ժողովուրդին ծանօթ այս բարենպատակ առաքելութեան առընթեր, վերջերս ունեցած է այլ բարեգործական ներդրում մը, որ անծանօթ մնացած է մեր համայնքին եւ կամ քիչերու ծանօթ։ Դժբախտ դէպքերու հետեւանքով Իրաքահայ եւ Սուրիահայ գաղթականներ ապաստան գտած ըլլալով, կը բնակին Թուրքիոյ զանազան նահանգներու մէջ, անձուկ պայմաններու ներքեւ շարունակելով ապրիլ իրենց առօրեայ կեանքերը։ Անոնք կը կարօտէին ու տակաւին ալ կը կարօտին մեր ժողովուրդի օժանդակութեան։ Անոնք անորոշ ժամանակաւ հարկադրուած են բնակիլ մեր երկրին մէջ։ Այս գաղթական ընտանիքներուն օժանդակելու, իրենց հոգեւոր կարիքները հոգալու առաքելութեամբ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կազմուած է յանձնախումբ մը, որուն անդամները իրենց կարելին ի գործ կը դնեն զանազան առիթներով իրենց այցելելով։ Հոգեւոր ուրախութեամբ կ՚անդրադառնանք թէ, Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի ատենապետած Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Պատուարժան Հոգաբարձութիւնը իր վրայ առած է սոյն գաղթականներու օժանդակելու քաղցր լուծի մեծագոյն բաժինը, շարժման անցնելով Ազգային Հիւանդանոցի նիւթական միջոցները»։

26219286_887242014769016_5183148551275772464_nԳրութեան ընթերցումէն յետոյ, Տեղապահ Սրբազանը Պետրոս Շիրինօղլուի անձին մէջ շնորհաւորեց Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը ու ատենապետին յանձնեց Օրհնութեան Գիրը։ Այս առթիւ, հակիրճ ելոյթ մը ունեցաւ Պետրոս Շինինօղլուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց Տեղապահ Սրբազան Հօր։

26814639_887242088102342_4208703735800441982_n