ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՆ

Kategori: Համայնքային

Պոլսոյ համայնքային հաստատութիւններու 2005-2009 շրջանի
Վարչութեանց ընտրութիւնները կատարուեցան 22 Մայիս 2005
Կիրակի օրը։ Ընտրութիւններուն քուէ գործածեցին Թուրքիոյ
հայերուն նուազ քան 10%-ը: Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք
Հայրը, որ իր քուէն գործածեց Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ
Եկեղեցւոյ Ներսէսեան սրահին մէջ, ըսաւ որ մեր համայնքի
անդամներէն աւելի մեծ թիւով մասնակցութիւն կ՚ակնկալէր։

2005-2009 շրջանին, համայնքային հաստատութիւնները պիտի
կառավարուին հետեւեալ վարիչներուն կողմէ.

Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց
Պետրոս Շիրինօղլու
Արշակ Փոլաթ
Հերման Յովսէփ Պալեան
Յարութիւն Էօզչէլիք
Գրիգոր Ժիրայր Տաղտէվիրէնէլ
Ճեզօ Թաշ
Տոց. Տքթ. Ռաֆֆի Կիւրիւնլիւօղլու
Վարդավառ Համուրքէսէն
Գէորգ Ճան Նէրկիզ
Ասատուր Բարունակեան
Նուրհան Ճանիկ
Նուրհան Պարընաք
Էրօլ Նշան Թիւրքմէն
Քատիմ Պիրօս
Միհրան Օնուր
Արման Քարաեըլմազ

Գալֆայեան Տուն
Տքթ. Արտաշ Համբարձում Աքտաղ
Յակոբ Քէսկին
Արամ Քալէնտէրօղլու
Արման Իւթիւճիւեան
Արթիւր Կէմրէքօղլու
Տանիէլ Անթիքաճըօղլու
Տիանա Լ. Գամբարոսեան
Լեւոն Քամէր Տէօքմէճեան
Սարվէն Չաղլը
Անահիտ Պօզաճեան
Տիրան Ներկիզ
Գրիգոր Տրդատ
Տքթ. Օննիկ Պուտաք

Ղալաթիա Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի եւ Կեդրոնական լիկէոն
Մկրտիչ Արծիւեան
Յարութիւն Էպէօղլու
Վարդավառ Ճաւաք
Երուանդ Չաքարօղլու
Անթօնի Քարատայը
Մինաս Գաբուսուզ
Գարեգին Չալըշքան
Արիս Թուրաչ
Կարպիս Ունան
Տօղան Կիւկիւշ
Սիմոն Օրալ
Լորան Արշաւիր Մուրատօղլու
Տքթ. Վարդգէս Պէյլէրեան

Գարակէօզեան Տուն
Տիգրան Կիւլմէզկիլ
Գարուն Գովան
Եդեսիա Թըրթըր
Անի Պէրպէրօղլու
Սեւան Չավուշեան
Արթին Քիլէրճի
Իլտա Վոլքան
Ռոյ Քիւչիւքաթէշ
Տէտէ Էօզկիւլ
Կարպիս Կէօքտաղ
Պերճ Մէնզիլճիօղլու
Պարոյր Էրսարաճ
Գրիգոր Չընկըրեան

Սկիւտարի Ս. Խաչ Լիկէոնի (նախկին Ս. Խաչ Դպրեվանք) վարչութիւնը
վերընտրելու համար այս անգամ եւս կարելի չեղաւ ընտրութիւն
կատարել, քանի որ այս հաստատութեան իրաւական կարգավիճակին
վերաբերեալ դատավարութիւնը կը շարունակուի։

Պոլսոյ տարածքին դրուեցան ընդամէնը 32 սնտուկներ, որոնց
արդիւնքները կուտանք ստորեւ.

Գումգաբու 123, Սամաթիա 1365, Գումգաբու Դուրս 40, Կէտիկփաշա68, Ենիգաբը 25, Նառլըգաբը 131, Թօփգաբը   95, Ետիքուլէ   143,Պաքըրգիւղ 881, Եշիլգիւղ   839, Պալաթ17
Էյիւպ Ս. Եղիա   32, Էյիւպ Ս. Աստուածածին  21, Խասգիւղ 11,Ղալաթիա 11, Պէյօղլու 520,
Ֆերիգիւղ  816, Պէշիկթաշ 110, Օրթագիւղ 205, Գուրուչէշմէ 79,Ռումէլիհիսար 19, Պոյաճըգիւղ 40, Ենիգիւղ 55, Պիւյիւքտէրէ 36,Գատըգիւղ 358, Սկիւտար Ս. Խաչ 246, Սկիւտար Ս. Կարապետ  99,Գուզկունճուք 28, Գանտիլլի   10, Պէյքոզ 17, Գարթալ 19, Գնալը Կղզի108,    ԳՈՒՄԱՐ 6567