ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

38Համբարձման տօնը այս տարի եւս աւանդական շուքովկատարուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցիերթիքին տակ։ Համբարձման հանդիսութիւնները սկսան5 Մայիս Հինգշաբթի առաւօտեան կանուխ ժամերուն։ Ս.Փրկիչ Մատրան մէջ արարողութեանց նախագահեց, Ս.Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս.Պատրիարք Հայրը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախ քան ՏէրունականԱղօթքը քարոզեց։ Նորին Ամենապատուութիւնըհանգամանօրէն բացատրեց Գործք ԱռաքելոցէնՔրիստոսի Համբարձումը նկարագրող հատուածը (1։1-14)։ Քրիստոս Իր Համբարձումէն առաջ առաքեալներունհետ վերջին անգամ մէկտեղուած էր ՀամբարձմանԼերան վրայ եւ անոնց պատուիրած էր Երուսաղէմէնչհեռանալ մինչեւ որ Ս. Հոգին ստանային։ ԱստուծոյԽօսքը մարմին առած էր Ս. Կոյս ՄարիամԱստուածածնէն Ս. Հոգիին միջոցաւ, Յարուցեալ Փրկիչըիր աշակերտներուն վերջին պատուէրները տուած էրնոյն Ս. Հոգիին միջոցաւ։ Առաքեալները Ս. Հոգիով զօրանալէ յետոյ Քրիստոսի վկաները պիտի ըլլայիննախ Երուսաղէմի, ապա բոլոր Հրէաստանի, Սամարիոյեւ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ։ Առաքեալները, որոնքերեք տարի շարունակ Քրիստոսի հետ եղած էին, լսած՝Անոր խօսքերը, տեսած՝ Անոր հրաշքները պէտք ունէինզօրանալու եւ այդ զօրութիւնը պիտի ստանային մնալովեւ սպասելով Ս. Քաղաք Երուսաղէմի մէջ։

Եկեղեցին նախ իր կորիզին մէջ պէտք էր զօրանար,ապա այդ զօրութիւնը պէտք էր ալիք առ ալիքտարածուէր ամէնուրէք։ Նորին Ամենապատուութիւնըապա թելադրեց եկեղեցւոյ հոգեւոր պաշտօնեաներունեւ մատակարարներուն, որպէսզի ամէն մէկ իր շրջանինմէջ զօրացնէ եկեղեցին։

Ամէն եկեղեցի սուրբ է քանի որ հոն Ս. Սեղան կըսարքուի եւ Աստուծոյ Խօսքը կը քարոզուի։ Ս. Հոգւոյններգործութեամբ կատարուած աշխատանքներն են որկրնան զօրացնել եկեղեցւոյ անդամներուն հաւատքը։

Պատրիարք Հայրն ապա անդրադարձաւ Համբարձմանդէպքին։ Յիշեցուց, թէ Քրիստոնէական Եկեղեցին իրհաւատոյ հանգանակին մէջ կը դաւանի ՔրիստոսիՀամբարձման ճշմարտութիւնը։ Քրիստոս մարմնացաւ,մարդացաւ կատարելապէս ծնաւ Ս. Կոյս Մարիամէն,չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ երրորդ օրըյարութիւն առաւ եւ նոյն մարմնով երկինք համբարձաւու Հօր Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ։ Քրիստոս Հօր աջկողմը նստած՝ միշտ կը բարեխօսէ եւ կ՚աղօթէ բոլորիսհամար։ Եթէ նոյնիսկ մենք դադրինք իրարու համարաղօթելէ, կամ ընդհանրապէս աղօթելէ, Քրիստոս կըշարունակէ աղօթել մեզի համար։ Յաւիտենականքահանայապետ մը ունինք երկնքի մէջ, որ չի կամենարմեր կորսուիլը, չի կամենար որ յամառինք մնալ մեղաւորվիճակի մէջ։ Քրիստոսի Ս. Արեամբ գնուած ենք մեղքիծառայութենէն։ Աստուած չէ բաւականացած իր ՄիածինՈրդին աշխարհ ղրկելով, այլ տնօրինած է որ Ան իր Ս.Արիւնը թափէ խաչին վրայ մեր մեղքերուն քաւութեան եւթողութեան համար։ Երկրի վրայ Իր առաքելութիւնը իկատար ածելէ յետոյ Քրիստոս կը սկսէր այս անգամյաւիտենական երկնաւոր քահանայութեան, որունհաւատացող Քրիստոնեաներ իրենց հոգիներունփրկութիւնը ապահովուած կը զգան իրենց կեանքիբոլոր օրերուն ընթացքին։ Երանի անոր, որ կը մնայՔրիստոսի ներկայութեան եւ ամբողջական սրտով Ս.Պետրոս Առաքեալի նման կը դաւանի, թէ ՔրիստոսԱստուծոյ Որդին է եւ յաւիտենական կեանքի խօսքերըունի։

Քարոզի աւարտին Մայր Աթոռին Սիսէ Ս. Էջմիածինփոխադրութեան 564-րդ տարեդարձին առթիւկատարուեցաւ մաղթանք Մայր Աթոռոյ, որու ընթացքիններկաները աղօթեցին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնիհաստատութեան եւ անսասանութեան համար։

Ս. Պատարագի աւարտին մատրան կից գտնուողԿիւլպէնկեան դամբարանին շուրջը հոգեհանգստեանպաշտօն կատարուեցաւ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանիգլխաւորութեամբ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցիհիմնադիրներուն, սատարողներուն, բարերարներուն իմասնաւորի Կիւլպէնկեան գերդաստանի եւ Շիրինօղլուընտանիքի հանգուցեալ անդամներու հոգւոցն իհանգիստ։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին ՆորինԱմենապատուութիւնը այցելեց ԶԻՊԷՉ-ի կեդրոնը, ուրտեղեկութիւններ ստացաւ տարուած աշխատանքներունմասին ու հետաքրքրուեցաւ մանուկներով։ Ապա,հաստատութեան պարտէզի սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։