ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ Ս. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԸ ՍԿՍԱՒ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Փաստաթուղթեր

yebiskobos joghov 2Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը իր աշխատանքին սկսաւ 24 Սեպտեմբեր 2013, Երեքշաբթի, Մայռ Աթոռ Ս. Էջմնածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի։

Յանուն Պատրիարքական Աթառոյս ժողովի մասնակցեցան, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ. Արքեպս. Աթէշեան եւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Ժողովի բացման հանդիսութեանց ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգիսեան։

Բացման հանդիսութիւնը սկսաւ Տէրունական Աղօթքով։  Ապա Հոգեհանգստեան Աղօթքով յիշուեցան Հայ Եկեղեցւոյ հանգուցեալ սպասաւորները, ի մասնաւորի նորոգ վախճանեալ Արտաւազդ Արքեպս. Թրթռեանն ու Շահան Արքեպս. Սվաճեան։

Ժողովի բացման առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը արտասանեց ողջոյնի խօսքը, շեշտելով Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան փոխ յարաբերութիւններու պատմական եւ արդիական կարեւորութինը։ Նախագահի ուղերձէն յետոյ իրենց օրհնութեան խօսքերով հանդէս եկան  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսները։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռի արտայայտուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ. Արքեպս. Աթէշեան։ Ապա ձեռնարկեց իր աշխատանքին ըստ օրակարգի։

Ժողովի առաջին օրը տրամադրուած էր սրբադասման նիւթի քննարկման։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Սրբադասման Յանձնախումբը, 2005-էն սկսեալ կատարած իր ուսումնասիրական աշխատանքները զեկոյցով մը ներկայացուց եւ ապա քննարկումներ կատարուեցան։ Հայ Եկեղեցին ԺԴ. Դարէն ի վեր նոր սուրբեր չէ աւելցուցած իր եկեղեցական օրացոյցին մէջ։ Ժողովը որոշեց սրբադասման յատուկ կարգ մշակել եւ 2014ի Նոյեմբերին կայանալիք Եպիսկոպոսական Ժողովին ներկայացնել առ ի վաւերացում։

Յաջորդ օրերու օրակարգի նիւթերն են Ս. Մկրտութեան Խորհուրդի կանոնի քննարկումն ու վաւերացումը։ Ժողովի նիստերուն, առաջարկներ պիտի ներկայացուին, յաջորդ տարուան ժողովի օրագարգին մասին։ Այս շնորհիւ, Հայ Եկեղեցւոյ հետ աղերս ունեցող ժամանակակից խնդիրներու քննարկման առիթ պիտի ստեղծուի։

yebiskobos joghovՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ
ԲԱՐՁՐ. Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԻ ԱՌԻԹՈՎ

Մեզի համար յոյժ երջանկաբեր առիթ է մեկտեղուիլ մեր հաւատքի լուսաբեոեռ՝ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին հովանիին ներքեւ, գլխաւորութեամբը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Մեզի համար յոյժ երջանկաբեր է այս պատմական ժողովին վայելել բարձր ներկայութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ  սրբազան եպիսկոպոսներուն մեկտեղումը աննախընթաց երեւոյթի կարգ անցած էր, քանի որ կարելիութիւն եւ առիթ չէր ընծայուած ցարդ, գուցէ անցեալի հակակրօն եւ հակաեկեղեցական անբաղձալի երեւոյթներուն ալ պատճառաւ։ Գոհութիւն եւ փառք կու տանք Ամենակալին Աստուծոյ, որ ներկայ ժամանակներուն ստեղծուեցաւ առիթը սոյն բաղձալի մեկտեղումին։

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներս, ուրախ ենք որ սոյն ժողովին իր ներկայութիւնը կը բերէ Հայաստանի Հանրապետութեան պետութիւնը, ամենաբարձր մակարդակով, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ Հայ Եկեղեցւոյ գերագոյն հոգեւոր կեդրոնը կը վայելէ պետութեան հոգածութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս։

Մեզի համար պատիւ է ներկայացնել Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ ողջունել Ձեզ սիրազեղ զգացմամբ։

Ներկայ ժամանակներուն երբ այլեւս փոխուած են անցեալի պայմանները, մեզի համար միշտ ցանկալի է ստեղծելի առիթներով յաճախ մեկտեղուիլ եւ հաւաքաբար խորհրդակցիլ մեր եկեղեցին յուզող առօրեայ կարեւոր հարցերու, ի մասնաւորի մեր ժողովուրդի հաւատքի ամրապնդման եւ հոգեւոր շինութեան համար ծրագիրներ մշակելու եւ կեանքի կոչելու մասին։ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ սրբազան եպիսկոպոսներու միասնականութիւնը յոյժ մխիթարիչ երեւոյթ է մեր ժողովուրդին համար։

Սաղմոսաց Գրքին մէջ կը կարդանք. «Որչափ բարի եւ որչափ վայելուչ է որ եղբայրներ միաբանութեամբ բնակին»։  Ի Քրիստոս եղբայրներ ենք բոլորս ու նաեւ՝ ուխտակիցներ։ Առաջի Աստուծոյ մեր երրեակ ուխտերը կը կապեն մեզ հաւատարմօրէն ծառայելու Եկեղեցիին, սպասարկելու՝ Ս. Սեղանին, բանալու՝ Տիրոջ Սեղանը, քարոզելու՝ Կեանքի Խօսքը եւ առաջնորդելու՝ ի Քրիստոս հաւատացեալ ժողովուրդը, ուղղելու՝ սխալածները եւ ի մի հաւաքելու՝ Քրիստոսի փարախին մէջ։

Մեր բոլորիս հասարակաց հաւատքն է, թէ Յիսուս Քրիստոս ի շարս այլոց կը նախախնամէ նաեւ Իր Մարմնին անբաժան այս անդամը՝ Հայ Եկեղեցին եւս, որ թէեւ փոքրաթիւ է, սակայն հաւատքի վկայութեամբ՝ քաջածանօթ։ Երբ կը նայինք մեր եկեղեցւոյ անցեալին, մեր հաւատքը աւելի եւս կը զօրանայ, քանի որ այդ նայուածքին մէջէն կը զգանք մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի նախանամական հովուապետութեան հրաշագործութիւնը։

Այս պահուն մենք կը զգանք մեր առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս Առաքեալներու ներկայութիւնը, որոնք այսօր եւս լռելեայն կը շարունակեն քարոզել Տիրոջ Խօսքը, նաեւ ընդգծելով առաքելութեան կենսական կարեւորութիւնը ներկայ ժամանակներուն մէջ։

Կը զգանք ներկայութիւնը մեր հաւատքի Հօր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին, որ կու գայ յիշեցնել Արածանիի ափին կատարուած հաւաքական մկրտութիւնը, իր խորհրդանշական իմաստով, որ կը ներկայացնէր ազգի մը ապաշխարութեան եւ դարձին իրողութիւնը։

Կը լսենք ձայնը մեր Հաւատքի Հօր շառաւիղէն՝ Ս. Ներսէս Պարթեւ Հայրապետի, որ կը յիշեցնէ ընկերային օժանդակութեանց կարեւորութիւնը, հիմնուած՝ Ս. Գրական այն խօսքին, որ կ՚ըսէ. «Երանելի է մանաւանդ տալն քան առնուլն» (Գործք 20.35)։

Մեզի կը խօսին Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետն ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը, որոնց հաւատքով ու հաստատակամութեամբ տարած աշխատանքին իբր արդիւնք, Աստուած սկսաւ հայերէն բարբառիլ մեր ժողովուրդին։ Անոնք իրենց այդ գործը կրցան կեանքի կոչել, առանց ունենալու ներկայ ժամանակներու այլազան դիւրութիւնները։ Անոնք այսօր բոլորս կը հրաւիրեն առաւել եւս անդրադառնալու իրենց վաստակին կարեւորութեան։

Կը լսենք ձայները Աւարայրի առիւծանման երէցին՝ Ս. Ղեւոնդ Քահանայի նաեւ վարդակարմիրն Ս. Վարդան Մամիկոնեան Զօրավարին, որոնք կը թելադրեն բարձր պահել հաւատքը, բարձր պահել Ս. Աւետարանի ճշմարտութիւնը, բարձր պահել փրկութեան աւետիսը, որուն գինն է Աստուծոյ Միածին Որդւոյն Արիւնը։ Կը հրաւիրուինք Քրիստոսի Մարմինը՝ Ս. Եկեղեցին բարձր եւ հեռու պահելու ոչ-հոգեւոր եւ ոչ-կրօնական հոսանքներէ եւ կամ լոզունքներէ։ Հաստատ համոզումն ունինք, որ մեր ժողովուրդը իր առողջ ապագան կրնայ կերտել միայն այն ատեն, երբ համազգային գիտակցութեամբ տէր կը կանգնի իր հոգեւոր արժէքներուն, նաեւ Աստուածապարգեւ շնորհքներուն իբր արդիւնք ձեռք բերուած մշակութային ժառանգին։

Մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը լի է հրաշքներով եւ հրաշքի համազօր երեւոյթներով, որով կարելի եղած է պահել Առաքելաւանդ Քրիստոնէական հաւատքը. կարելի եղած է կանգնել խոնարհածը. կարելի եղած է բարձրացնել Տիրոջ Փրկարար Ս. Խաչի նշանը մեր տաճարներուն վրայ։ Ներկայ ժամանակներուն, երբ մեր ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի դէմ յանդիման կը գտնուի զանազան հոսանքներու դէմ եւ եկեղեցին՝ յաճախ կը մատնուի  հոսանքի դէմ թիավարելու դիրքին, մենք, որպէս առաջնորդները եկեղեցիին, կը հաւատանք թէ մեր գործելու զօրութիւնը կը ստանանք մեր եկեղեցւոյ մշտաթարմ աւիշէն։ Այդ աւիշը մեզի կը ներարկէ հոգեկան արիութիւն, որմէ բաժին եւ մաս կը հանենք ամէն աստիճանի մեր առաքելակից հոգեւոր սպասաւորներուն նաեւ մեր հոգեւոր խնամքին յանձնուած հաւատացեալներուն։ Երանի անոնց, որ կը հաւատան այդ աւիշին կենսապարգեւ զօրութեան արժէքին։ Երանի անոնց, որոնք «մտիկ կþընեն իրենց առաջնորդներուն եւ կը հնազանդին անոնց», գիտակցելով որ «անոնք կը տգնին իրենց հոգիներուն համար»։ Այդ հնազանդութիւնը կը ցուցաբերեն «որպէսզի անոնք իրենց գործը կատարեն խնդութեամբ եւ ոչ՛ յառաջելով, ինչ որ օգուտ չի բերեր իրենց» (Եբրայեցիս 13.17-18)։

Հայ Եկեղեցւոյ զաւակները ի սփիւռս աշխարհի կը բնակին զանազան երկինքներու տակ, շրջապատուած՝ տարբեր մշակոյթներու տէր ժողովուրդներով։ Այս պարագային մեր զաւակներուն համար միարար ազդակը կը հանդիսանայ Եկեղեցին, իր հոգեւոր արժէքներով, որ շուքի նման իր հետ կը բերէ նաեւ հայադրոշմ մշակոյթը։ Վստահ ենք, որ բոլորս այս սուրբ եւ նուիրական պահուն մեր աղօթքը կ՚առաքենք առ Աստուած եւ կը խնդրենք բարեխօսութիւնները մեր եկեղեցւոյ անհամար սուրբերուն, գլխաւորութեամբը՝ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր։ Թող ամենակալն Աստուած անսասան պահէ Հայաստանեայց Եկեղեցին, իր ողջ նուիրապետութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ Ս. Հոգւոյ իմաստութեամբ առաջնորդէ բոլորս։ Աստուած կարողութիւն պարգեւէ մեր Աթոռներու եւ թեմերու հոգեւոր դասերուն եւ մեր ողջ ժողովուրդին։

Այս առթիւ կþաղօթենք նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարիչներուն համար։ Թող Ամենակալն Աստուած Իր պահապան Աջոյն հովանիին տակ պահէ զիրենք եւ պարգեւէ կարողութիւն եւ յաջողութիւն իրենց բոլոր բարի գործերուն մէջ։

Աստուծոյ օրհնութիւնը մեր բոլորիս հետ ըլլայ. ամէն։