ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 23 Յուլիս 2019, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին ընդունեց Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Ներկայացուցիչ Սահակ Սարգիսեանն ու խորհրդատու Նաղաշ Յակոբեանը։

 

Հիւրերը նախ շնորհաւորեցին Նորին Սրբազնութիւնը ապա խորհրդակցեցան ինչ ինչ հարցերու մասին։

SARKISYAN 2019

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։