ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

ermenistan heyetՅայտնի գրող Եաշար Քէմալի յուշամետայլ յանձնելու համար Հայաստանէ Ստանպուլ ժամանած պատուիրակութիւնը, 4 Սեպտեմբեր 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 14.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հ.Հ. Ազգային Ժողովի պատգամաւոր՝ Արագած Ախոյեան, Հ. Հ. Մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Սեյրանուհի Գեղամեան, եւ Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի անդամ Սեւակ Արծրունի եւ Վահան Մելիքեան։ Անոնք, առաւօտուն այցելած էին Եաշար Քէմալը եւ իրէն յանձնած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի Նախարարութեան կողմէ շնորհուած Ս. Գրիգոր Նարեկացի Յուշամետայլը։