ՀԱՅՃԱՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

haycarՀայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան (ՀԱՅՃԱՐ) նորընտիր վարչութեան ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ ատենապետ Նազարէթ Պինաթլըի, 06 Մայիս 2013, Երկուշաբթի, ժամը 10.30-ին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

ՀԱՅՃԱՐի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ վարչութեան նորընտիր անդամներու ներկայացուցիչներ փափաքած էին ներկայանալ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր, եւ ստանալ իր օրհնութիւնը։ Այցելուներ տեղեկութիւններ տուին իրենց աշխատութեանց եւ նոր ծրագիրներու մասին։ Միութեան անդամները կը շարունակէին իրենց օժանդակութիւնը բերել համայնքային հաստատութեանց մէջ կատարուած ճարտարապետական աշխատանքներուն, նաեւ կը կազմակերպէին շրջապտոյտներ։

Նորին Սրբազնութիւնը, շնորհաւորեց վարիչները եւ վստահութիւնը յայտնեց թէ նոր շրջանին եւս պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակէին իրենց գործունէութիւնը։ Անգամ մը եւս յիշեց անոնց եկեղեցիներու նորոգութեան աշխատանքներուն մէջ ունեցած ներդրումը։ Եկեղեցիներու մէջ կատարուած ճարտարապետական աշխատանքներու շուրջ փոխանցեց նաեւ իր գաղափարները։ Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն մաղթեց վարչութեան անդամներուն, իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։