ՀԱՅՈՑ ԵՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԵՑԱՆ

Kategori: Միջեկեղեցական

Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքութեան առաջարկով, Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ.Բարթոլոմէոս Ա եւ Հայոց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ պատրիարքները 10Սեպտեմբեր 2005, Շաբաթ, ժամը 10.30-ին Ֆէնէրի մէջ մէկտեղուելովխորհրդակցեցան երկու համայնքները հետաքրքրող շարք մը հարցերուշուրջ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀՐԱՒԷՐ 
Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա Պատրիարքը տեղեկացուց, թէ պաշտօնականնամակով մը Պոլիս հրաւիրած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ ԱմենայնՀայոց Կաթողիկոսը։ Յունաց Պատրիարքը ըսաւ, որ Նորին Սրբութեանայցելութիւնը Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներումիջեւ արդէն իսկ առկայ աստուածաբանական երկխօսութեանդրական ներդրում մը պիտի ըլլայ, միաժամանակ առիթհանդիսանալով, որ ինք փոխադարձէ Նոյեմբեր 2001-ին դէպիՀայաստան ու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին կատարած պաշտօնականայցելութեան ընթացքին իրեն ցուցաբերուած ջերմ հիւրասիրութեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ըսաւ թէ Վեհափառ Հայրապետին հետսոյն այցելութեան մասին խօսած է հեռաձայնի միջոցով, իսկ ՀայոցՊատրիարքութեան գրաւոր հրաւէրը այս օրերուս պիտի յղէ ՄայրԱթոռ։

Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Կաթողիկոսը 20-22 Յունիս2006 թուականներուն հիւրը պիտի ըլլայ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս ԱՊատրիարքին, իսկ 23-27 Յունիս 2006ին՝ Հայոց Պատրիարքութեան։

ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ
Յունաց եւ Հայոց Պատրիարքները, հանդիպման ընթացքինանդրադարձան նաեւ վերջերս թուրք մամուլի մէջ արուեստականօրէնստեղծուած ձգտեալ վիճակին։ Յատկապէս նկատողութեան առին այսօրերուն որոշ շրջանակներու կողմէ կազմակերպուած մամլոյանժամանակ եւ անտեղի արշաւը, որ ըստ երեւոյթի կը ձգտի փոքրամասնութեանց հակառակ հոսանք ստեղծել հանրային կարծիքինմօտ։  Որոշ  թերթեր եւ հեռուստակայաններ յաճախ պղտորհաղորդումներ կը սփռեն նաեւ  փոքրամասնութեան համայնքներուն եւիրենց առաջնորդներուն դէմ։  Պատրիարքները ընդգծեցին, որպատահական չէին որ բոլոր այս ժխտական երեւոյթները կըկատարուէին 3 Հոկտեմբերի նախօրեակին։

Ն.Ս.Տ.Տ .Բարթոլոմէոս Ա Պատրիարքը §Մենք մեզի հանդիպիլ ուզողամէն անձի հետ կը տեսակցինք եւ պիտի շարունակենք տեսակցելու¦ըսելէ յետոյ ընդգծեց, թէ մարդոց զիրար լսելը եւ ըմբռնելու ձգտումըբնական եւ մարդկային երեւոյթ է  եւ յատկապէս  թէ մշակութային եւկրօնական երկխօսութեան աշխատանքները  այս օրերուն շատ աւելիկարեւոր են քան երբեք։

Պատրիարքները համակարծիք գտնուեցան թէ երկխօսութեանաշխատանքներուն պէտք էր թափ տալ եւ զօրավիգ կանգնիլ անոնց։Նաեւ ընդգծեցին, թէ երկխօսութիւնը կարելի չէ որ միակողմանի ըլլայ,այլ երկխօսութեան մասնակիցները պէտք է ունենան երկկողմանիբարի կամեցողութիւն եւ իրապէս ջանք վատնեն հասկնալու համարմիւս կողմը, նաեւ պատրաստակամութիւն ունենան իրենց դրականներդրումը բերելու առկայ հարցերու լուծման համար։

Պատրիարքները իրենց համոզումը յայտնեցին թէ, առ երեւոյթկատարուած միջ-կրօնական եւ միջ-մշակութային երկխօսութեանհաւաքոյթներ մասնակցութիւն բերել պարզապէս ժամանակի կորուստէր, ընդգծեցին նաեւ, թէ պիտի չկարենային նկատի ունենալ անորոշ,անպատակ եւ արդիւնքի մը չհանգող սեղանները, ժողովները եւայցելութիւնները։

ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ 
Պատրիարքները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին, որպէսզի Թուրքիոյեւ Եւրոմիութեան միջեւ բանակցութիւնները ժամ առաջ սկսէին։ Նաեւշեշտեցին, թէ սոյն բանակցութեանց ընթացքին երկրի զանազանհարցերու կարգին բնականաբար օրակարգի վրայ պիտի գայինփոքրամասնութիւններու հարցերը։ Ոչ-մահմետական համայնքերու հայրենակիցները կ՚ակնկալեն, որ երկրի վարիչները պարզապէսգործադրեն Լոզանի Դաշնագրի տրամադրութիւնները, որոնցգործադրութեան յանձնառու եղած էր Թուրքիոյ ՀանրապետականՊետութիւնը 1923 թուին։

ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ 
Պատրիարքները յիշեցուցին, թէ արտասահմանէն եկածհոգեւորականներու կեցութեան ու աշխատանքի արտօնութիւն չիտրուիր, միւս կողմէ պատրիարքական աթոռներէն կը զլացուի նորհոգեւորականներ պատրաստելու կարելիութիւնները։ Հետեւաբարարդէն իսկ մեծ նեղութիւն յառաջացած է այս մարզին մէջ։

Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, որ ՀայոցՊատրիարքութիւնը կ՚առաջարկէ, հետեւելով Եւրոպայիհամալսարաններու օրինակին, Ստանպուլի պետականհամալսարաններէն մէկուն մէջ բանալ ԲաղդատականԱստուածաբանութեան (Comparative Theology) ամպիոն մը, որ ունենայՀայ, Հրեայ, Ասորի, Կաթոլիկ, Բողոքական, Յոյն եւ ԱնտիոքեանՈւղղափառ միաւորներ, որոնց մէջ կարելի կ՚ըլլայ դասաւանդել յիշեալեկեղեցիներու ու համայնքներու աստուածաբանութիւնը,պատմութիւնը, ծէսը, լեզուն, կանոնագիտութիւնը եւ նման նիւթեր եւայս միջոցաւ կարելիուոթիւն կ՚ընծայուի փոքրամասնութիւններունորպէսզի իրենց ընծայացուները պատրաստեն Պոլսոյ մէջ։ Այս է ՀայոցՊատրիարքութեան առաջարկը։ Հայոց Պատրիարքը այս ուղղութեամբՅունաց Պատրիարքին կարծիքը շոշափեց, թէ Ստանպուլի պետականհամալսարաններէն մէկուն մէջ նման ամպիոնի մը հաստատութեանպարագային՝ կարելի՞ էր Հէյպէլի Կղզիի Դպրեվանքը կապել ամպիոնիՅոյն Ուղղափառ միաւորին։

Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա Պատրիարք յայտնեց, թէ համակարծիք չէրայս գաղափարին եւ ինք ու իր համայնքը կը սպասէր Հէյպէլի ԿղզիիԴպրեվանքին վերաբացման նոյն այն պայմաններով, որոնք ի զօրուէին նախ քան վարժարանին փակուիլը։ Յունաց Պատրիարքը իրակնկալութիւնը արտայայտեց ըստ հետեւեալի. §Ըստ ԼոզանիԴաշնագրի 40-րդ յօդուածին, փոքրամասնութիւններնիրաւունք ունին նոր հաստատութիւններ բանալու։ Մենք, նորդպրեվանք մը բանալ չենք ուզեր։ Մենք, նախկինդպրեվանքին նոյնութեամբ վերաբացուիլը եւ նոյն կրթականծրագրին կիրարկումն է որ կ՚ուզենք։ Մենք համալսարանիհամազօր հաստատութիւն մը չէ որ կ՚ուզենք, այլ արուեստիցլիկէոն մը։ Բարձրագոյն Կրթութեան Խորհուրդի ՆախագահՓրոֆ. Տքթ. Էրտողան Թէզիչ իր այցելութեան ընթացքին,յայտնեց, թէ ինք քննարկած էր Հէյպէլի Կղզիի մերվարժարանի կանոնագրութիւնը, պատրաստուած՝ 1951-ին, որցարդ օրինական է, ի զօրու եւ կիրարկելի։ եթէ պետականայրեր կամք յայտնէին՝ վարժարանը ԿրթականՆախարարութեան հսկողութեան ներքեւ շուտովդասաւանդութեան կրնար վերսկսիլ, ըստ նախընթացի։ Ահաայս է Պետութենէն մեր խնդրանքն ու ակնկալութիւնը¦։

Պատրիարքները ընդգծեցին, թէ աստուածաբանական կրթութիւնըանհրաժեշտ է պատմական երկու եկեղեցիներու գոյատեւման համար,բնականաբար տարբեր են երկու եկեղեցիներու կարիքները եւ այսհարցին մէջ գաղափարի տարբերութիւն չունին։ Համակարծիք ենիրարու, թէ այժմէական, ազատ եւ ժողովրդավար միջավայրի մէջփոքրամասնութիւններու կարիքներուն դիմագրաւման համար նորմիջոցներ ընձեռուին։

Պատրիարքները համակարծիք գտնուեցան, թէ փոքրամասնութեանցվարժարաններուն կրօնքի, լեզուի եւ մշակոյթի ուսուցիչներ, նաեւեկեղեցիներու համար հոգեւոր պաշտօնեաներ պատրաստելու հարցը,Թուրքիոյ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներուն եւ այս եկեղեցիներու անդամ Թուրքիոյ հայրենակիցներուն կազմած փոքրամասնութեանհամայնքներուն գլխաւոր հարցն էր։

ԱՆՏԻՈՔԻ ԺՈՂՈՎԸ 
Յունաց եւ Հայոց պատրիարքները իրարու հաղորդեցին նաեւ թէընդունած են Հաթայի (Անտիոք) Քաղաքակրթութիւններու Ա.Հանդիպում ժողովի հրաւէրը, եւ պիտի մասնակցին ՎարչապետՌէճէպ Թայյիպ Էրտողանի նախագահութեամբ կայանալիքբացման հանդիսութեան։

Պատրիարքները համակարծիք գտնուելով, թէ սոյն մէկտեղումըերկուստեք օգտակար եղած էր, աղօթեցին երկրի զարգացման,խաղաղութեան եւ անդորրութեան համար, մաղթելովհայրենակիցներու երջանկութիւն եւ բարօրութիւն։