ՀԱՅՈՑ ԵՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ ՊԵՐԳԱՄՈՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

Պերգամոնի (Պերկամա) Առեւտրական Սենեակի կազմակերպութեամբ, Իզմիրի կուսակալութեան,Պերգամոնի նահանգապետութեան, Պերգամոնիքաղաքապետութեան կարգադրութեամբ՝ 8 Մայիս 2005Կիրակի, Պերգամոնի երբեմնի Ս. ՅովհաննէսԱստուածաբան Եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. ՅովհաննէսԱւետարանչի ննջման օրը։

Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարք Ն.Ս.Տ.Տ.Բարթոլոմէոս Ա-ն ու Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ.Մեսրոպ Բ-ը՝ 7 Մայիս 2005 Շաբաթ, ժամը 11.00-ին Թուրք Օդային գիծերու սաւառնակով ճամբորդեցինդէպի Իզմիռ։

Թուրքիոյ Ճամբորդութեան ԳործակալութեանցՄիութեան (TURSAB) Նախագահ Պաշարան Ուլուսոյիներկայացուցիչները զոյգ պատրիարք հայրերը նախառաջնորդեցին Փոկիա (Ֆոչա), ուր անոնք իրենցհետեւորդներուն հետ կէսօրուան ճաշ առին եւ շրջեցանգիւղի հին տուները։

Պատրիարք հայրերը ժամը 18.00-ի շուրջ հասան Տիքիլի(Միւսիա), ուր իջեւանեցան Միւսիա հիւրանոցը, որլեցուած էր Յունական կղզիներէն այցելող շուրջ 500ուխտաւորներով։

Պատրիարք հայրերը ապա իրենցհետեւորդներուն հետ շուրջ մէկ ժամ քալեցին Տիքիլիիչքնաղ ծովեզերքը։

Ժամը 20.00-ին սարքուած հաւաքական ճաշկերոյթինՊատրիարք հայրերուն հետ գլխաւոր սեղանին վրայտեղ գրաւեցին նաեւ Յունաստանի Լէսվոս, Լիմնոս եւԱղիոս Եւստրատիոս կղզիներու նահանգապետ՝ ՊաւլոսՎոյաձիս, Յունաաստանի Անգարայի մօտ ԱւագԴեսպան՝ Միքայէլ Քրիստիտէս, ԷգէականՀամալսարանէն Փրոֆ. Տքթ. Նիկոլաս Վերնիկոս,բարերարներ եւայլն։

8 Մայիս Կիրակի առաւօտ Պատրիարք Հայրերըհիւրանոցէն մեկնեցան 09.15-ին եւ TURSAB-իտրամադրած մինիպիւսով ճամբորդեցին դէպիՊերգամոն։

Պերգամոնի եկեղեցւոյ փլատակներու նախկինխորանին տեղը փայտեայ ամպիոն մը կառուցուած եւՍ. Պատարագ մատուցանելու յարմար վիճակստեղծուած էր Պերգամոնի Առեւտրական Սենեակիջանքերով։

Եկեղեցւոյ մուտքին Պատրիարք Հայրերըդիմաւորուեցան Պերգամոնի Տ. Իոաննիս եւ Միտիլլի Տ.Եաքովոս Սրբազան մետրոպոլիտներու եւ խումբ մըվանականներու կողմէ։ Յուածէս Ս. Պատարագըմատուցուեցաւ Պերգամոնի Մետրոպոլիտին ձեռամբ եւտեւեց մինչեւ ժամը 13.00։

Աւարտին, կատարուեցաւընդհանուր հոգեհանգիստ, որմէ յետոյ Ն.Ս.Տ.Տ.Բարթոլոմէոս Ա Պատրիարքը Լէսվոս, Լիմնոս եւ ԱղիոսԵւստրատիոս կղզիներու նահանգապետ՝ ՊաւլոսՎոյաձիսին յատուկ արարողութեամբ շնորհեց «Եկեղեցւոյ Իշխան»ի տիտղոս եւ կոնդակ։

Այցելութիւն քաղաքապետարան
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Պատրիարքհայրերը քաղաքավարական այցելութիւն տուինՊերգամոնի Քաղաքապետ՝ Ռաշիթ Իւրփէրի։Ճանապարհին, Ազգայնապաշտ ՇարժումԿուսակցութեան հետեւորդներէն բաղկացած խումբ մըցուցարարներ Պատրիարք հայրերը փոխադրողինքնաշարժին վրայ երկու հաւկիթ նետեցին, բողոքելովՅունաց Պատրիարքի գործածած «Տիեզերական» կամ «Էքումէնիք» տիտղոսին դէմ։

Կէսօրուան ճաշ եւ վերադարձ
Ապա Պատրիարք հայրերը կէսօրուան ճաշ առինՊերգամոնի հին թաղամասներէն մէկուն մէջ գտնուող եւայսօր տեղւոյն Առեւտրական Սենեակին պատկանողպատմական ճաշարանի մը մէջ։ Այստեղ Պատրիարքհայրերուն սեղանակից էին Պերգամոնի Նահանգապետ՝Հիւսէին Էրէն, Քաղաքապետ՝ Ռաշիթ Իւրփէր, ՏիքիլիիՔաղաքապետ՝ Օսման Էօզկիւվէն, Յունաստանի Լէսվոս,Լիմնոս եւ Աղիոս Եւստրատիոս կղզիներունահանգապետ՝ Պաւլոս Վոյաձիս, ՊերգեմոնիԱպահովութեան Տնօրէնը եւ բազմաթիւ այլ հիւրեր։

Կէսօրուան ճաշէն անմիջապէս յետոյ Պատրիարքհայրերն այցելեցին «օնիքս» քարի գործարաններէնմէկը եւ ապա ուղղուեցան դէպի Իզմիռ, ուրկէ օդանաւովվերադարձան Պոլիս։