ՀԱՅՈՑ ԵՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

181Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Բարթոլոմէոս Ա եւ Հայոց Ամենապատիւ Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարքը 9 Օգոստոս 2005 Երեքշաբթի ժամը 15.00-ին հանդիպում ունեցան այս անգամ Հայոց Պատրիարքարանին մէջ։

Հանդիպման ընթացքին, վերջնականօրէն որոշուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Ծայրագոյն Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ-ը պաշտօնապէս Պոլիս հրաւիրել 20 – 27 Յունիս 2006 թուականներուն։

Վեհափառ Հայրապետը 2006-ի 20 – 22 Յունիս թուականներուն իբր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան գլուխ միջեկեղեցական հիւրը պիտի ըլլայ Օրթոտոքսներու Տիեզերական Պատրիարքութեան, իսկ 23 – 27 Յունիս թուականներուն որպէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի 132-րդ յաջորդ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս պիտի մեծարուի Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ Թուրքիոյ հայ համայնքի անդամներուն կողմէ։

182Բարթոլոմէոս Ա Պատրիարքին ընկերացող Թիվէսի եւ Լիւադիոյ Գերաշնորհ Հերոնիմոս Մետրոպոլիտն ու նոյն թեմէն Գերյարգելի Աթենակորաս Դիկէակոս Արխիմանտրիթը եւ Հայոց Պատրիարքարանէն Պատկ. Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերաշնորհ Արամ Եպիսկոպոսը, Հոգեշնորհ Թաթուլ Աբեղան եւ Արժանապատիւ Գրիգոր Աւագ Քահանան պատրիարքներու հանդիպման ներկայ գտնուեցան։