ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՆԴԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՄԱՄԲ ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՏԱՑԱՒ ԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻՒ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

82763997_10157434360418183_6226138274801385472_o

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ,
ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՄԲՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԿԱՄՕՔՆ
ԱԶԳԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ, ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
ՀԱՄԱԶԳԱԿԱՆ ՆԱԽԱՄԵԾԱՐ ԱԹՈՌՈՅ
ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ
ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԲՈՅ ԷՋՄԻԱԾՆԻ

ԳԻՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆԱՑ
ԱՌ ՍԻՐԵՑԵԱԼ ՈՐԴԻՆ ՄԵՐ ԵՒ
ՎԱՍՏԱԿԵԱԼ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆ
ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՄԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ
ՈՐ Ի ՍՏԱՆՊՈՒԼ, ԹՈՒՐՔԻԱ

Սիրելի Սրբազան Պատրիարք,

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը կը յղենք Ձեզի՝ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ վաստակեալ սպասաւորիդ:

Շուրջ երեք տասնամեակ, իբրեւ կուսակրօն հոգեւորական, Դուք Քրիստոսը կը վկայէք տէրունապատուէր Ձեր առաքելութեամբ եւ Տիրոջ կենարար խօսքի քարոզչութեամբ՝ հոգեւոր սնունդ մատուցելով հաւատաւոր մեր ժողովրդին եւ արդիւնաշատ սպասաւորութեամբ առաւել լուսաւոր դարձնելով Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանը:

Ձեր ծառայագործութեան ընթացքին Դուք բազմաթիւ յանձնառութիւններ ստանձնած էք Կոստանդնուպոլսոյ եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւններուն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ իրականացնելով վարչական, հովուական եւ կրթական գործունէութիւն: Մայր Աթոռի Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանին մէջ Ձեր պաշտօնավարութեան տարիներուն Մենք ականատես եղած ենք Ձեր նուիրեալ ծառայութեան բարի արդիւնքներուն, Ձեզի հանդէպ բացառիկ սիրոյն ու յարգանքին մեր ուսանողներու եւ հաւատացեալներու, որոնց համար օրինակ դարձաք հոգեւոր նկարագրով, աշխատասիրութեամբ, եկեղեցասիրութեամբ ու ազգասիրութեամբ:

Մեզ համար գոհունակութիւն է, որ Աստուծոյ կամօք եւ Կոստանդնուպոլսի Հայոց Պատրիարքութեան Մեր զաւակներու ընտրութեամբ Դուք ստանձնեցիք Պատրիարքի պատասխանատու պաշտօնը՝ հաւատալով Ձեր կարողութիւններուն, Ձեր նուիրումին ու նախանձախնդրութեան: Մենք վստահ ենք, որ պիտի ջանաք առաւելագոյնը ի գործ դնել՝ դժուարին այս ժամանակաշրջանին վերականգնելու Պատրիարքութեան խաթարուած գործունէութիւնը եւ նորոգութեան ու զարթօնքի նոր շունչ ու ոգի բերելու պոլսահայ կեանքին:

Սիրելի Սրբազան, բարձր գնահատելով Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ տարիներու Ձեր վաստակը եւ նուիրեալ ծառայութիւնը, Հայրապետական այսու Կոնդակով կը շնորհենք Ձեզի

ԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻՒ

Ի խորոց սրտի կը հայցենք, որ Բարձրեալն Աստուած Իր Սուրբ Աջով պահէ ու պահպանէ Ձեզ, զօրակից ըլլայ բարձր ու պատասխանատու Ձեր կոչման մէջ՝ շնորհելով քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ:

Թող Տէրն Ամենակալ միշտ պայծառ պահէ Կոստանդնուպոլսի Հայոց Պատրիարքութիւնը եւ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին:

Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ. ամէն:

Օրհնութեամբ՝

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Տուաւ Կոնդակս յ8-ն Յունուարի
յամի Տեառն 2020 եւ ի թուին հայոց ՌՆԿԹ
ի մայրավանս Սրբոյ Էջմիածնի
ընդ համարաւ 1095