ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ

Kategori: Կրօնական,Միջեկեղեցական

IMG_2875Պոլսոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, 14 Սեպտեմբեր 2017, Հինգշաբթի, ժամը 16.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի կողմէ։ Արհիապատիւ Տիրոջ կ՚ընկերանային Գերպ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Գերպ. Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Լեւոն Գերապայծառ յանուն Հայ Կաթողիկէ համայնքին շնորհաւորեց Գարեգին Սրբազան Հօր ընտրութիւնը ի պաշտօն տեղապահութեան եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն։ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած շնորհաւորական այցելութեան համար եւ փոխադարձ բարեմաղթութիւնները յղեց քոյր Հայ Կաթողիկէ համայնքին։ Ընդունելութեան ընթացքին, Տեղապահ Սրբազան Հայրը եւ Գերապայծառ Տէրը գաղափառի փոխանակումներ ունեցան միջեկեղեցական եւ եկեղեցին յուզող առօրեայ ընկերային նիւթերու շուրջ։ Գերապայծառ Տէրը յայտնեց թէ Տեղապահ Սրբազանը անծանօթ դէմք մը չէր իրեն, քանի որ Եւրոպայի մէջ միջեկեղեցական գետնի վրայ տարբեր առիթներով զրուցելու առիթը գտած էր։ Տեղապահ Սրբազանը եւս հաստատելով յայտնեց թէ, ինք կ՚ողջունէր Գերապայծառ Տէրը նոյն եղբայրական զգացումներով։

Աւելի քան մէկ ժամուայ այցելութեան աւարտին Գերապայծառ Տէրը, շնորհակալութիւն յայնեց Տեղապահ Սրբազան Հօր ընթայծուած եղբայրական ընդունելութեան համար ու լաւ տպաւորութիւններով մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն։