ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿԱՏԱՐԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

levon zekiyanՔաղաքիս Հայ Կաթողիկէ համայնքի նորանշանակ Առաքելական Գործակատար՝ Գերպ. Լեւոն Վրդ. Զէքիեան, 12 Յունիս 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 10.30-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Իրեն կ՚ընկերանային Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութենէն՝ Գերպ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւ Ս. Յակոբ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պէրնար Սարըպայ, Ռաֆֆի Արաքս եւ Թալին Էրկիւնէշ Կազէր։ Տեսակցութեան ներկայ եղան նաեւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ Տամատեան եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

Նորանշանակ Գերապայծառը անցեալ ամիս Ֆրանկիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ նշանակուած էր Կաթողիկէ Հայոց Առաքելական Գործակատար։ Ան, 10 Յունիս 2014, Երեքշաբթի ժամանած էր Ստանպուլ եւ իր առաջին օրհնութիւնը տուած էր Հայ Կաթողիկէ համայնքի անդամներուն։ Իր պաշտօնին ձեռնարկելէ յետոյ, փափաքած էր այցելել Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։ Գերապայծառը, այս առթիւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Պատրիարքարանի երդիքին ներքեւ գտնուելէ։ Գերապայծառը կը գիտակցէր, թէ ծանր բայց միեւնոյն ժամանակ քաղցր պարտականութիւն մը յանձնուած էր իրեն։ Ինք պիտի ջանար լաւապէս կատարել այդ պաշօնը։

Սրբազան Հայրը, շնորհաւորեց Գերապայծառը իր նոր պաշտօնին մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը տեղեակ էր թէ, նորանշանակ առաքելական գործակատարը անծանօթ դէմք մը չէր Հայ Կաթողիկէ համայնքին համար։ Գիտական մակարդակի վրայ գնահատանքի արժանացած արժէքաւոր հոգեւորականի մը ներկայութիւնը ողջունելը, ուրախութիւն մըն էր։ Սրբազան Հայրը, իր խօսքերու աւարտին, յաջողութիւն մաղթեց Գերապայծառին իր հովուական եւ վարչական պաշտօնին մէջ։