ՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՈԳՇ. Հ. ԶԱՒԷՆ ԱԲԵՂԱՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ

Kategori: Եկեղեցական

180Մայր Աթոր Ս. Էջմիածնի երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Հ. Զաւէն Աբեղայ Յակոբեան 8 Օգոստոս 2005 Երկուշաբթի օր զոհ գնաց երթեւեկի արկածի։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի աղբիւրները խոր կսկիծով տեղեկացուցին որ երէկ, Եղէգնաձորէն Նորավանք վերադարձի ճանապարհին՝ ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով վախճանեցաւ Հոգշ. Հ. Զաւէն Աբղ. Յակոբեան։ Սա դառն կորուստ մըն է եւ անփոխարինելի, որովհետեւ երիտասարդ Հայր Սուրբը իր սերունդին ամենանուիրեալ հոգեւոր գործիչներէն մէկն էր։

Աւազանի անունով Արման, Հայր Զաւէն 12 Մայիս 1977 թուականին ծնած էր Էջմիածնի մէջ։ 1984-1992 թուականներուն ծննդավայրին մէջ ստացած էր ուսումը։ 1992-1994 թուականներուն ուսանած էր Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանին մէջ։ 1995 թուականին ընդունուած՝ Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած էր 2000-ին։ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս 2000-2001 թուականներուն մասնակցած էր դասընթացքներու։ 2001 թուականէն ի վեր կþուսանէր Երեւանի Պետական Համալսարանի Իրաւաբանական Ֆաքիւլթէէն ներս։ 2000-2004 թուականներուն, իբրեւ գործավար աշխատած էր կաթողիկոսարանէն ներս։

2002 թուականին Ս. Ստեփանոս Նախավկայի Տօնին, սարկաւագ ձեռնադրուած էր Գերշ. Տ. Ներսէս Ս. Արք. Պոզապալեանի կողմէ։ 2003 թուականի Ապրիլին աւարտաճառը պաշտպանած էր՝ «Տ. Գիւտ Աւագ Քահանայ Աղանեանց. կեանքը, հոգեւոր-հասարակական գործունէութիւնը, գիտագրական ժառանգութիւնը» նիւթով։

2004 թուականի Ապրիլէն ի վեր կþաշխատէր Մայր Աթոռի ճարտարապետա-շինարարական բաժնին մէջ։

2 Մայիս 2004 թուականին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր, ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. Աբրահամ Եպսկ. Մկրտիչեանի։ Այս տարուան Փետրուարի 1-էն ի վեր Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ նշանակուած էր Նորավանքի հոգեւոր տեսուչ։

Ծառայութեան մէջ հոգելոյս Հայր Սուրբը ինքզինք դրսեւորած էր որպէս ծառայասէր, նուիրեալ եւ նախանձախնդիր հոգեւորական։

Հոգելոյս Հայր Սուրբին մարմինը 9 Օգոստոսին հրաժեշտի համար պիտի զետեղուի Ս. Գայեանէ Վանքը, ժամը 18.00-ին։ Եկեղեցւոյ կարգը պիտի կատարուի 19.00-ին։ Օգոստոս 11-ին ժամը 10.30-ին, Ս. Պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի հանգուցեալ Հայր Սուրբին վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգերը։ Հայր Սուրբին մարմինը հողին պիտի յանձնուի Մայր Աթոռի միաբանական գերեզմանատան մէջ։

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, 15 Օգոստոսին, Ս. Աստուածանի Վերափոխման Տօնի Մեռելոց Ս. Պատարագին Հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կը կատարուի նաեւ հանգուցեալ Զաւէն Աբեղայի հոգւոյն ի հանգիստ։

«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի. Ամէն»։