ՀԱՆԳԻՍՏ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՍՏԱՆՊՈՒԼԵԱՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

badiarkaran logoՔառասունեւչորեքամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, երբեմնի հոգեւոր հովուին Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս, Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողոմէոս, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս, Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ, եւ ի վերջնումն Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցեաց քաղաքիս եւ երբեմնի անդամին Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ փոխեցաւ առ Աստուած ի յոյս կենացն յաւիտենից ընդ հովանեաւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Ազգիս Հայոց յամին 2013, յ8ն Նոյեմբերի յաւուրն Ուրբաթու, ի ժամու առաւօտեան յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի։

Մատչի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ յաւուրն Ուրբաթու, ի 15ն Նոյեմբերի ի ժամ 10.30-ի եւ կատարի օծումն նորին, յԵկեղեցւոջ յանուն Ս. Վարդանանց, Ֆէրիգիւղ թաղի քաղաքիս եւ ամփոփի մարմինն ի գերեզմանատանն որ ի Շիշլի, ի թաղամասի քահանայից։

Տէր լուսաւորեսցէ զհոգի վախճանեալ սպասաւորին, տացէ մխիթարութիւն զաւակաց Եկեղեցւոյ իւրում եւ յարուսցէ այլ մշակս ի հունձս իւր։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

***

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ ՅՈՎՀԱՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՍՏԱՆՊՈՒԼԵԱՆԻ

der hovhan kahanaԱւազանի անունով Արամ, ծնած է 10 Սեպտեմբեր 1925ին, Ստանպուլ։ Որդին է Հայկի եւ Հայկուհիի։ Կը մկրտուի Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ մէջ եւ իր նախնական ուսումը կը ստանայ թաղի Պօղոսեան-Վառվառեան Վարժարանին մէջ։ Զինուորական պարտականութենէն ետք կ՚ամուսնանայ Սօնա Թաշճեանի հետ, 26 Հոկտեմբեր 1952ին։ Կ՚ունենան երկու զաւակներ՝ Հայկանոյշ (1953) եւ Յարութիւն (1961)։  Դպրութեան չորս աստիճանները կը ստանայ Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ, իսկ ուրար կրելու արտօնութիւնը՝ 1951ին, Գարեգին Պատրիարքէ։ Ծառայած է որպէս լուսարար Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց մէջ։ Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ կը ձեռնադրուի Սարկաւագ՝ Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ, իսկ 16 Փետրուար 1969, Բուն Բարեկենդանին՝ քահանայ Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ, նոյն եկեղեցւոյ վրայ։ Կը ծառայէ Նառլըգաբուի, Ենիգաբուի, Եշիլգիւղի, Գուրուչէշմէի եւ Պէշիկթաշի եկեղեցիներուն մէջ։ Որպէս գաւազանակիր կ՚ընկերանայ Շնորհք Պատրիարքի արտասահմանի այցելութիւններուն։ Կ՚անդամակցի Կրօնական Ժողովոյ։ 1998 թուականին կ՚ընտրուի որպէս պատգամաւոր Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի ընտրութեան։ Ապա, Աւագութեան պատիւ կը ստանայ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօրմէ։ Հանգստեան կը կոչուի 2006 թուականին։

Հասած ըլլալով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Լուսարարապետ՝ հոգելոյս Թէոդորոս Աւ. Քհնյ Ֆչըճեանի մականին ներքեւ եղած է բծախնդիր ու պարտաճանաչ լուսարար եւ ապա քահանայ, ինչպէս նաեւ քաջածանօթ՝ Հայ Եկեղեցւոյ երգեցողութեան։ Իր վախճանումով Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասը կը կորսնցնէ իր երիցագոյն անդամը եւ մերազն ժողովուրդը՝ անձնուէր սպասաւոր մը։