ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆԻ 24 ԱՊՐԻԼԻ ԱՌԹԻՒ ՈՒՂԵՐՁԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Փաստաթուղթեր

Ամենապատիւ Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք

Հայ համայնքի թանկագին անդամներ,

Ձեզ կ՚ողջունեմ սիրով ու յարգանօք։

Երբ աշխարհով մէկ կ’անցնինք այս դժուարին օրերէն, մեր հայրենակիցներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող զօրակցութիւնը հետզհետէ զօրանալով կը շարունակուի։ Աստուծմէ կ’աղերսեմ, որ հասնինք վաղուան՝ իրարու աւելի մօտեցած, միութեան ու միասնականութեան ոգին աւելի զօրացած։

Աշխարհի ժողովուրդներուն մեծ ցաւեր պատճառած Ա. Աշխարհամարտի ծանր պայմաններուն ներքեւ իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանահայերը յարգանքով կը յիշատակեմ եւ իրենց թոռներուն կը յայտնեմ անկեղծ ցաւակցութիւններս։ Այս առթիւ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը հայցեմ նաեւ բոլոր Օսմանական հպատակներուն, որոնք սոյն ցաւալի դէպքերուն առթիւ կորսնցուցած են իրենց կեանքերը։

Ինչ պայմաններու տակ ալ ըլլայ, երբեք չենք արտօնած ու պիտի չարտօնենք, որ նոյնիսկ մէկ հայրենակից ենթարկուի վանողական խտրականութեան իր հաւատին ու ինքնութեան պատճառով։

Ապագան միասնաբար կերտել մեր բոլորին հասարակաց նպատակն է՝ ստանալով մեր ոյժը անցեալէն, միայն բարեկամութեան  եւ մի եւ նոյն բարձր մարդկային իտէալի համար։

Կը գիտակցինք, թէ գոյութիւն ունին շրջանակներ, որոնք անտեսելով Անատոլուի խորերէն ծագող մեր միասնականութիւնը, կը փորձեն պատմութենէն դուրս բերել թշնամանք։ Մենք երբ կը փափաքինք կերտել միութեան մէջ, բարգաւաճ ու անդորր ապագայ մը եւ ջանք կը թափենք այդ ուղղութեամբ, մեր ամենակարեւոր փափաքն է տեղի չտալ այն շրջանակներուն, որոնց այլ նպատակի կը ծառայեն։

Այս խոհերով անգամ մը եւս յարգանքով ու ողորմութեամբ կը յիշատակեմ Առաջին Աշխարհամարտին մեր կորսնցուցած օսմանահայերը եւ կը փոխանցեմ խաղաղութեան մաղթանքներս։

 

Րէճէպ Թայյիպ ԷՐՏՈՂԱՆ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ