ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆԻ 24 ԱՊՐԻԼԻ ԱՌԹԻՒ ՈՒՂԵՐՁ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

CUMURBASKANLIGI FORSU

 

Բարձրաշնորհ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ

 

Իմ շատ թանկագին հայազգի քաղաքացիներ,

Ձեզ կ՚ողջունեմ սիրով ու իմ ամենասրտանց զգացումներով։

Դուք այսօր համախմբուած էք Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան երդիքին տակ՝ վերյիշելու համար այն օսմանահայերը, որոնք մահացան Առաջին աշխարհամարտի բարդ ու դժուարին պայմաններու տակ։

Հերթական անգամ յարգանքով կը յիշատակեմ մահացած օսմանահայերը, որոնց զաւակներուն ու թոռներուն կը յայտնեմ անկեղծ ցաւակցութիւններս։

Այս առթիւ ամենակարող Աստուծմէ ողորմութիւն ու թողութիւն կը հայցեմ այն միլիոնաւոր օսմանահպատակներուն համար, որոնք նոյն ժամանակաշրջանին մենք կորսնցուցինք համաճարակներու, գաղթերու, պատերազմներու եւ բախումներու հետեւանքով։

Պատմութեան ընթացքին մենք եղած ենք ազգ մը, որ ցաւերը իրարու հետ մրցակցութեան մէջ չէ դրած , խտրականութիւն չէ դրած այդ ցաւերուն միջեւ, այլ միշտ բաժնած է զանոնք։

Մեր տարածքներէն ներս ապրողներուն առընթեր, մենք միշտ օգնութեան փութացած ենք բոլոր անոնց, որոնք յայտնուած են դժուարութեան մէջ՝ Անտալուզիայէն մինչեւ Ափրիկէ, Հարաւային Ասիայէն մինչեւ Եւրոպա։

Այս բանը ընելու ժամանակ նկատի չենք ունեցած ոեւէ մէկու հաւատը, լեզուն, կրօնը, ազգութիւնը եւ մշակութային պատկանելիութիւնը։

Որպէս երկիր՝ այսօր եւս կը ջանանք պահպանել մեր այս ժառանգութիւնը եւ ամրապնդել եղբայրութիւնը, էմփաթին, խաղաղութիւնը եւ անդորրութիւնը։

Թուրք ազգի խղճի եւ բարոյական կեցուածքի հրամայականն է՝ բաժնել այն ցաւերը, զորս մեր հայազգի քաղաքացիները կրած են պատմութեան ընթացքին։

Յառաջ Աստուած, յառաջիկայ շրջանին ալ պիտի շարունակենք ձեր ցաւերը բաժնել, լուծում գտնել ձեր նեղութիւններուն ու խնդիրներուն։

Ինչ պատճառով որ ալ ըլլայ, մենք թոյլ պիտի չտանք, որ նոյնիսկ մեր մէկ քաղաքացին վանումի կամ խտրականութեան ենթարկուի՝ իր հաւատին, կրօնին կամ հակումին պատճառով։

Համոզուած եմ, թէ մեր հայազգի քաղաքացիներն ալ աւելցնելով պիտի շարունակեն իրենց նպաստը՝ մեր մշակութային, ընկերային, քաղաքական եւ առեւտրական կեանքին։

Ձեզմէ կը խնդրեմ՝ ինչպէս ցայսօր, այսուհետեւ եւս տեղի չտալ անոնց, որոնք մեր հասարակաց անցեալը խեղաթիւրելով կը փորձեն պատմութենէն դուրս բերել ոխ, ատելութիւն ու թշնամանք։

Այս խոհերով կրկին յարգանքով կը յիշատակեմ Առաջին աշխարհամարտին մեր կորսնցուցած օսմանահայերը։

Իմ ողջոյններն ու յարգանքը կը յղեմ իմ այն բոլոր քաղաքացիներուն, որոնք կը մասնակցին ոգեկոչման արարողութեան։

Րէճէպ Թայյիպ ԷՐՏՈՂԱՆ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ