ՀԱՇՈՒԱՊԱՀԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հրաւէրով 11 Սեպտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, ժամը՝ 19.00-ին մեր համայնքի հաշուի մասնագէտներ, ելմտական խորհրդատուներ ու հաշուապահներ մէկտեղուեցան Պատրիարքարանի երդիքին տակ։

Սոյն հաւաքին նկատի առնուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ ելմտացոյցը։ Մասնագէտներուն ուշադրութեան յանձնուեցաւ Աթոռոյս ելմտական յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած հաշուեկշիռը։ Օրակարգը կազմուեցաւ Նորին Սրբազնութեան ելմտական խորհրդատու Արեգ Ֆէրահեանի կողմէ պատրաստուած ուղեցոյցով։ Որոշուեցաւ կազմել աշխատութեան խմբակ մը, որպէսզի մանրամասնօրէն պատրաստէ վստահելի ու թափանցիկ հաշուեկշիռ մը ու ելմտացոյց մը առ ի ներկայացում համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մերազն համայնքին։

MALI KOMISYON 1

Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց մասնագէտներուն, որոնք սիրայօժար յանձն կ’առնէին սոյն հաշուեքննութեան աշխատանքը։ Մասնակիցներն էին Մասիս Եօնթան, Արշակ Փօլաթ, Միհրան Գարագըզեան, Պերճ Մէնզիլճիօղլու, Վարդավառ Ճաւաք, Քօրայ Աշճը, Գէորգ Էրքան, Կարպիս Կէօքտաղ, Լեւոն Պաշալ, Արման Չիչէքօղլու եւ Աթոռոյս Ելմտական Յանձնախումբի անդամներ՝ Պետրոս Մարզուան, Հերման Կիւրճեան, Գրիգոր Իպօալէվ, Պօղոս Եազըճեան եւ Պատրիարքարանի հաշուապահ Սերենա Տինչքայըքճը։