ՀԱՒԱՏՔՆԵՐՈՒ ՍԵՂԱՆԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Միջկրօնական

121611816_1660730584086818_8103986246078849351_o

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 9 Հոկտեմբեր 2020, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան «Հաւատքներու Սեղան» բաժանմունքի ներկայացուցիչներ՝ Նիլիւֆէր Թաշքընը, Իսլամ Էօզքանը, Ֆաթմա Եաւուզը եւ Վէտաթ Քարան։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Դիւանապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Հիւրերը սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ իրենց գործունէութեանց մասին տեղեկութիւն փոխանցեցին։ Այս առիթով գաղափարի փոխանակում տեղի ունեցաւ։ Մայր Քաղաքապետութեան երթիքին ներքեւ անցեալ տարի կազմուած «Հաւատքներու Սեղան»ին զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներ եւս մաս կը կազմեն։ Իսկ, Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, յանուն Աթոռոյս «Հաւատքի Սեղան»ի մաս կը կազմէ Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Գոփարեանը։
Նորին Ամենապատուութիւնը, իր գոհունակութիւնը յայտնեց տրուած քաղաքավարական այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Սոյն նախաձեռնութիւնը արդէն իսկ բոլորած էր մէկ տարուան գործունէութեան շրջանը։ Գնահատեց բաժանմունքի գործունէութիւնը՝ յօգուտ համայնքներու եւ յանուն հաւասարութեան սկզբունքի։ Նորին Ամենապատուութիւնը կարողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։