ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

119Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Որդւոց եւ Թոռանց տօնին, 16 Յուլիս 2005Շաբաթ երեկոյ,Գնալը Կղզիի Եկեղեցւոյ մէջ ժամը 16.00-ինկատարուեցաւ հաւաքական մկրտութիւն,  մկրտուեցան եւ սրբալոյսՄիւռոնով դրոշմուեցան 16 հայազգի մանուկներ։

120Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, որ նախագահեց հանդիսութեան, արարողութեան սկիզբը Ս. Մկրտութեան խորհուրդինմասին ընդհանուր տեղեկութիւններ տալէ յետոյ, եկեղեցին լեցնողժողովուրդի բազմութեան բացատրեց, որ 16 երեխաները գաւառէն Պոլիս գաղթած հայ ընտանիքներու զաւակներ էին, որոնք զանազանպատճառներով մինչեւ այսօր չէին մկրտուած։ Իրենց ուսուցիչներըծնողներու արտօնութիւնն ապահովելե ետք, երեխաները պատրաստած էին մկրտութեան, նաեւ կնքաւորներ գտած էին իրենցհամար։

Կնքաւորներն ու երեխաները եկեղեցւոյ մէջ խոստովանանքն ուՀաւատոյ Հանգանակը միասնաբար արտասանելէ եւ Ս. Աւետարանին ունկնդրելէ ետք, թափօրով դուրս ելան եւ առաջնորդուեցան դէպի Ս.Մկրտութեան Աւազանը, որ կը գտնուի եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա «Առաքելոյ աղաւնոյ» շարականիերգեցողութեամբ արծաթեայ աղաւնիին մէջէն սրբալոյս Միւռոնը երեք անգամ կաթեցուց աւազանին մէջ լեցուած մկրտութեան ջուրին մէջ։

Այստեղ Նորին Ամենապատուութիւնը կնքաւորներուն եւ երեխաներունհարցուց, թէ Աստուծմէ եւ Անոր Ս. Եկեղեցիէն ինչ կը խնդրեն։ Անոնքմիասնաբար պատասխանեցին. «Հաւատք, յոյս, սէր եւ մկրտութիւն։Մկտուիլ եւ արդարանալ, սրբուիլ մեղքերէ, ազատիլ դեւերէ եւ ծառայելԱստուծոյ»։

121Ապա երեխաները մի առ մի իջան վարդագոյն մարմարիոնէ շինուածՄկրտութեան Աւազանի արեւմտեան սանդուղներէն, ջուրին մէջ երեքանգամ մխրճմամբ մկրտուեցան ձեռամբ Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբղ.Անուշեանի, ապա արեւելեան սանդուղներէն ելլելով, Ամեն. Ս.Պատրիարք Հօր ձեռամբ օծուեցան սրբալոյս Միւռոնով։

Մկրտուած մանուկները սպիտակ նոր զգեստներ հագնելէ ետք,արարողութիւնը շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ։ Արժ. Տ. ԿարապետՔհն. Թէրզեանի առաջնորդութեամբ, մանուկները բեմ բարձրացան,Սուրբ Սեղանը համբուրեցին, երկրպագեցին սրբութիւններուն եւ ՍուրբՀաղորդութիւն ստացան։

Հաւաքական Մկրտութիւնը վերջ գտաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօրարտասանած §Պահպանիչ¦ եւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքներով։ Յաւարտ արարողութեանց, եկեղեցւոյ դարաւանդինվրայ սարքուեցաւ ընդունելութիւն։

Հետեւեալը ցանկն է մկրտուած մանուկներուն, իրենց ծննդեանթուականներուն եւ կնքաւորներուն.

Մինաս Տէմիրճի (ծն. 1992)  Արաս Նալպանթղազարօղլու
Լոռի Տէմիրճի (ծն. 1992)  Տանիէլ Անթիքաճըօղլու
Երազ Գազ (ծն. 1992)  Ա. Մուրատ Էմիրզէօղլու
Անի Գազ (ծն. 1992)  Արամ Գալէնտէրօղլու
Ազատ Տէմիրճի (ծն. 1994)  Խաչիկ Թաշճը
Սրբուհի Գազ (ծն. 1994)  Ռաֆֆի Պիլալ
Շանթ Տէմիրճի (ծն. 1995)  Շանթ Մարգարօղլու
Մէլինէ Մաթոսօղլու (ծն. 1996)  Իսաք Թահմինճիօղլու
Մանէ Էպրահամօղլու (ծն. 1996)  Իսաք Թահմինճիօղլու
Դալար Գազ (ծն. 1997)  Լեւոն Շատեան
Զուլալ Էպրահամօղլու (ծն. 1997)  Սէրճան Աքտաղ
Մարգրիտ Ալեանաք (ծն. 1998)  Հերման Թորոս
Պուրակ Եիղիթքուրթ (ծն. 2000)  Սարգիս Էրլէվէնդ
Նաիրա Ալեանաք (ծն. 2000) Ռուբէն Տէրողորմեաճեան
Ժպիտ Եիղիթքուրթ (ծն. 2001)  Էքրէմ Կէզ
Յակոբ Գազ (ծն. 2002) – Ռաֆֆի Շատեան

122