ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿԻՐԱՐԿԵԼԻ ՀԱՐԿԱՒՈՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Եկեղեցիներու թաղային խորհուրդները եւ անոնց նշանակած պաշտօնեաները պատասխանատու են այս կանոնագրութեան ընդգրկած կանոնները գործադրելու եւ հսկելու ուղութեամբ։

Սոյն Կանոնագրութիւնը պէտք է ցուցադրուի ի տես ժողովրդեան։

 

 

ՄՈՒՏՔ

  1. Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս մուտքը կարելի պիտի ըլլայ ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ, ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ ու ԴՆՉԱԿԱՊԻ (մասքէ) կանոնները յարգելով։ Մինչեւ եկեղեցիէն իրենց հեռանալը ենթականեր պարտին դնչակապը գործածել։
  2. Փողոցէն եկեղեցի մուտքը օժտուած պիտի ըլլայ ՁԵՌԱՑ ՀԱԿԱՆԵԽԻՉ ապահովելու դրութեամբ։
  3. Եկեղեւցոյ արտաքին շրջափակէն ներս մուտք գործող իւրաքանչիւր անհատի ՋԵՐՄՈՒԹԻՒՆԸ պիտի չափուի։
  4. «Ֆիլիասիոն»ը (Վարակի փոխանցման ընթացք) հետապնդելու» նպատակաւ ներփակ ներկայացուած ցանկի համաձայն եկեղեցի մուտք գործող համայնքի անդամներ պատասխանատու պաշտօնեաներու ձեռամբ կ՚արձանգրուին եւ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐը թաղային խորհուրդներու կողմէ ի պահ կը դրուին։

 

 

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

  1. Եկեղեցւոյ շէնքերու դռներուն բռնակները յաճախակիօրէն պիտի հականեխուին։
  2. Եկեղեցւոյ շէնքերէն ներս բացի փակ պահելի դռներէն, բոլոր դռները ԲԱՑ պիտի պահուին։
  3. Գործածութեան պիտի փակուին այն բաժինները, ուր սեղմ շրջանակի մէջ բազմութեան գոյանալու հաւանականութիւնը կը նախատեսուի եւ կամ կը նկատուին որպէս անհատներու հպման վայրեր։
  4. Ըմպելի ջուրի կազմածները բոլորովին պիտի ծածկուին, որպէսզի չգործածուին։ Սակայն գործածութեան համար կարելի պիտի ըլլայ ձեռքի տակ ունենալ փոքրիկ գոց շիշեր եւ կամ գոց ջուրի գաւաթներ։
  5. Հաւաքական պաշտամունքի մասնակցութենէն պիտի արգիլուին բոլոր անոնք, որոնք սոյն կանոնները կ’անտեսեն եւ կամ այլոց առողջութիւնը վտանգելու ուղութեամբ կը վարուին։

 

 

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԷՆՔԸ

  1. Եկեղեցւոյ դրները ԲԱՑ պիտի պահուին։
  2. Եկեղեցիներ նախ քան հաւաքական պաշտամունքը պիտի հականեխուին։
  3. Եկեղեցիներու պատուհանները միշտ ԲԱՑ պիտի պահուին եւ օդափոխիչ ու ջերմութիւնը կանոնաւորող դրութիւններ պիտի չգործածուին։
  4. Անոնք որոնք ԴՆՉԱԿԱՊ չեն կրեր պիտի չարտօնուին եկեղեցի մտնել։ Կարելի չէ հանել դնչակապերը Պաշտամունքի տեւողութեան ընթացքին։
  5. Պաշտամունքի աւարտին եկեղեցւոյ շէնքէն ելքի պահուն խճողումը կանխարգելիչ միջոցներ ձեռք պիտի առնուին։
  6. Եկեղեցիներու տարողութիւնը ճշդուած ըլլալով, հաւաքական պաշտամունքի մասնակցողներ պարտին հետեւիլ սահմանուած նստելու դրութեան։ Պէտք է նկատի ունենալ, թէ պաշտօնական եւ առողջապահական մարմիններու կողմէ ճշդուած ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ կանոններու բերմամբ տարողութենէն աւելի թիւով անհատներ եկեղեցիէն ներս պիտի չառնուին։ Հետեւաբար կարելի չէ անդրանձնիլ սահմանուած թիւը։

 

 

ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

  1. Կիրակի առաւօտներ միայն Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի, որ պիտի սկսի ժամը 09.30-ին ու պիտի աւարտի՝ 11.00-ին։
  2. Խճողումը կանխելու նպատակաւ ներփակեալ ցանկով ճշդուած կեդրոնական եկեղեցիներու մէջ արտաքոյ Կիրակիներէ իրենց ուխտի օրերուն Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի 09.30-11.00 ժամերու միջեւ։ Կը թելադրուի այս օրերուն ուխտագնացութիւններ չկազմակերպել։

 

 

ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՒՄ

Կիրակի եւ շաբթուան այլ օրերուն մատուցելի Սուրբ Պատարագներու աւարտին երբ Սուրբ Հաղորդութիւն կը մատակարարուի պէտք է ուշադիր ըլլալ ստորեւ ներկայացուած պայմաններուն ։

 

  1. Պատարագիչ հոգեւորականը նախ քան Սուրբ Հաղորդութիւն մատակարարելը իր ձեռքերը պարտի լուալ առաջի ժողովրդեան։
  2. Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալ փափաքող հաւատացեալներ պարտին սկիզբէն ներկայ գտնուիլ Ս. Պատարագին եւ մատակարարման պահուն փոքր ատեանէն յառաջանալ մէկ կարգի վրայ եւ ուշադիր ըլլալ ֆիզիքական հեռաւորութիւնը պահելու։
  3. Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալ փափաքող կին հաւատացեալներ պարտին իրենց անձնական լաչակները միասին բերել (առողջապահական պատճառներով եկեղեցւոյ մէջ պահեստի լաչակ պիտի չգտնուի)։
  4. Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալու մօտեցողներ պարտին իրենց բերանները ըստ բաւականի լայն բանալ եւ իրենց գլուխները պահել ուղահայեաց դիրքի վրայ։
  5. Պատարագիչ հոգեւորականը իւրանքանչիւր անհատի Սուրբ Հաղորդութիւն մատակարարելէ յետոյ պարտի ձեռքերը սրբել։