ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Կարճ լուրեր

hasta hokevoraganlarՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 1 Ապրիլ 2013, ժամը 15.00-ին , Քրիստոսի Ս. Յարութեան Տաղաւարի առթիւ, այցելեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի։

Այցելուները, նախ այցելեցին բժշկապետ Տքթ. Արտաշէս Աքտաղի գրասենեակը եւ տեղեկութիւն ստացան հիւանդանոցի մէջ խնամուող հոգեւոր հայրերու առողջական վիճակներու մասին։

Նորին Սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները այցելեցին Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր, «Փարատեա» աղօթքը արտասանեցին մեր Հոգեւոր Պետին համար եւ տեղեկութիւններ ստացան Նորին Ամենապատուութեան առողջական վիճակին մասին։ Այս առթիւ այցելուներ զրուցեցին Տիրամայր Մարի Մութաֆեանի հետ եւ շնորհաւորեցին Ս. Զատիկը։

Այցելութիւն տրուեցաւ Ս. Աթոռոյս եւ համայն Հայ Եկեղեցւոյ երիցագոյն եպիսկոպոսներէն Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս. Սվաճեանին, որ տարիքի եւ առողջական պատճառներով կը մնար Ազգ. Հիւանդանոցի երդիքին տակ ու վերջերս իր առողջութեան վիճակը սկսած էր  վատթարանալ։ Այցելուներ աղօթեցին Նորին Սրբազնութեան առողջութեան համար։

Այցելութիւն տրուեցաւ նաեւ քահանայից դասու երկու անդամներուն՝ Արժ. Տ. Յովհան Աւ. Քհնյ. Ստանպուլեանի եւ Արժ. Տ. Ստեփան Աւ. Քհնյ. Կոմիկեանի որոնք եւս առողջական պատճառներով եւ տարիքի բերմամբ կը մնային Ազգ. Հիւանդանոցի մէջ։ Այցելուներ, շնորհաւորեցին քահանայ հայրերու եւ իրենց ընտանեկան պարագաներուն Ս. Յարութեան Տաղաւարը ու անոնց մաղթեցին արեւշատ օրեր։