ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Համայնքային

sahan sirpazanՊատկառելի Կրօնական Ժողովոյ ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, 24 Ապրիլ 2013, երեկոյեան այցելեցինՍ. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց տեղեկութիւն ստանալու համար Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արքեպիսկոպոսի առողջական վերջին վիճակով։

Նորին Սրբազնութիւնը կը շարունակէ մնալ հիւանդանոցի  խտացեալ դարմանումի բաժնին մէջ վայելելով բժշկական դասու խնամքը։