ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԸ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

Սուրբ Հոգւոյ Գալստեան տօնին առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ըսաւ.
«Հոգեգալուստը Առաքելական Եկեղեցւոյ տարեդարձն է».

Հոգեգալուստի տօնին, 15 Մայիս 2005 Կիրակի առաւօտ, Բերայի Ս.Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ գոհաբանական Ս.Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ ապա Նարեկեան սրահինմէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութեանցնախագահեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ս. Պատարագըմատոյց Հոգշ. Հ. Եղիշէ Աբղ. Ուչքունեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը Տէրունական Աղօթքէն առաջ կարդաց Ս.Հոգիին ուղղեալ Աղօթքը, որու աւարտին տուաւ օրուան պատգամը։Մեր Հոգեւոր Պետը նախ բացատրեց Ս. Երրորդութեանվարդապետութիւնը։

Ապա պատմեց, թէ Ս. Գրոց համաձայն, Տէր Յիսուս ՔրիստոսիՅարութեան յիսուներորդ օրը Աստուծոյ Ս. Հոգին ինչպէս իջած էրՎերնատան մէջ հաւաքուած առաքեալներուն վրայ։ «Ս. Հոգւոյնգալստեան օրը Առաքելական Եկեղեցւոյ տարեդարձն է» ըսաւ ՆորինԱմենապատուութիւնը։ Առաքեալները այդ օրն ստացան իրենցխոստացուած Մխիթարիչը եւ զօրացան։ Այլ խօսքով, Տիրոջյարութենէն յետոյ, Ս. Հոգւոյ գալստեան դէպքով է որ դեռ նոր պիտիսկսէր իրենց առաքելութիւնը։ Ուստի Հոգեգալուստը մօտէն առընչուածէ Եկեղեցւոյ առաքելականութեամբ։

Նորին Ամենապատուութիւնը խօսքը շարունակելով, ըսաւ որ Ս.Գրիգորը Հայոց «Լուսաւորիչ» դարձնողն ալ մի՛եւնոյն Ս. Հոգին էր։
Աստուծոյ Խօսքը ժողովուրդին տանելու մարմաջով տոգորուած Ս.Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետին ու Ս. Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսինօգնողն ալ նոյն Ս. Հոգին էր։ Մեսրոպ Վարդապետին աննիւթականձեռքով մը նոր այբուբենի տառերը տուողն ալ նոյն Ս. Հոգին էր։

Գրերու գիւտէն մօտ յիսուն տարի վերջ, «վասն հաւատոյ» մղուածԱւարայրի ճակատամարտի ընթացքին, Ս. Վարդանի, Վարդանանցզօրավարներու եւ բոլոր ռազմիկներուն արիութիւն պարգեւողը նոյն Ս.Հոգին էր։

Այլ խօսքով, Հայոց Առաքելական, Լուսաւորչական, Թարգմանչաց եւՎարդանանց բոլոր ճակատագրական շարժումներուն խթանող ոյժը Ս.Հոգին էր։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն Եկեղեցւոյ առաջինբարերար Գէորգ Ամիրա Չարազլեանի, ճարտարապետ ԿարապետԱմիրա Պալեանի, Ազգային գործիչ Մկրտիչ Շէլլէֆեանի, ՊալըքճեանՖոնի հիմնադիր Մարկրիթ Պալըքճեանի եւ համայն հանգուցեալբարերարներու հոգիներուն համար։