ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Kategori: Եկեղեցական

amanorՀոգեւորականաց ամանորեան աւանդական հաւաքը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ, 31 Դեկտեմբեր 2012, Երկուշաբթի երեկոյեան։

Ժամը 16.00ին Պատրիարքական Աթոռոյ միաբանութիւնն ու քահանայ հայրեր, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի մուտք գործեցին Մայր Տաճար։ Այստեղ, տեղի ունեցաւ կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց §Տէր Ողորմեա¦ի միաբերան երգեցողութիւն։

Ապա թափօրը ուղղուեցաւ Պատրիարքարան, ուր արտայայտուեցաւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ յանուն հոգեւոր դասուն շնորհաւորեց Նորին Սրբազնութիւնը եւ կարողութիւն մաղթեց իր պաշտօնին մէջ։

Իսկ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. փոխանցեց Նոր Տարուան առթիւ իր հայրական յորդորները. շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր դասու անդամներուն, որոնք իրենց յանձնուած պաշտօնները կը կատարէին նուիրումով եւ իրենց կարողութեան ներած չափով։