ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր

Հոգեւորականաց դասու ամանորեան հաւաքը, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ ժամը 15.00-ին, գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի, Պատրիարքարանի մէջ։

Սրբազան Հայրը, Նոր Տարուայ առթիւ իր խօսքերուն մէջ ի միջի այլոց ըսաւ. «Անգամ մը եւս կը գնահատեմ ձեզ, որ ձեր կարողութեան սահմաններով ծառայութիւն մատուցիք մեր եկեղեցիներու պայծառութեան եւ ժողովուրդի հոգեւոր մխիթարութեան համար։ 2015-ը յիտատակելի եղաւ իր կորուստներով եւ ներդրումներով։ Եկեղեցական դասը կորուստը ունեցաւ յանձին Տ. Պսակ Աւ. Քահանայի, իսկ զօրացաւ՝ երեք հոգեւորականներու ձեռնադրութեամբ։ Այս տարի եւս, կը պատրաստուինք նոր էջեր բանալու մեր կեանքերէն ներս եւ կը մաղթեմ որ առողջութեամբ եւ յաջողութեամբ լեցուն ըլլան նոր տարիի օրերը»։

Յանուն հոգեւորականաց դասու արտայայտուեցաւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթութեանց համար եւ փոխադարձ շնորհաւորութիւններ յղեց Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր։ Նորին Սրբազնութիւնը կարճ ակնարկ մը նետելով 2015 տարիին վրայ, իր ուրախութիւնը յայտնեց նշելով դրական երեւոյթները։ Հոգեւորականները հրաւիրեց նոր տարրին եւս աղօթել իրենց եղբայրներուն համար։ Մասնաւորաբար յիշեց Պատրիարքական Աթոռոյ վերջին շրջաններու հրատարակութիւնները եւ իր ուրախութիւնը յայտնելով ըսաւ թէ անոնք զանազան շրջանակներու մօտ ընդունակութիւն գտնել սկսած էին։ Մանաւանդ Ս. Պատարագի Գրաբար, Աշխարհաբար, Լատինատար եւ Թրքերէն թարգմանութեամբ կատարուած գիրքը, մեծ ուրախութեամբ ընկալուած էր հաւատացեալներու մօտ։ Իր խօսքերու աւարտին, մաղթեց որ 2016-ը դառնայ օրնաբեր տարի մը բոլորին համար։

Հաւաքի աւարտին, տեղի ունեցաւ փոխադարձ շնորհաւորութիւններ։ Հոգեւորականներու նուիրուեցան Պատրիարքական Աթոռոյս 2016-ի օրացոյցը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան վերջին հրատարակութիւնը «Հայերէն-Թրքերէն Ս. Գիրք»ը։

1937133_524442091049012_7050757500320089600_nՀոգեւորականաց հաւաքէն յետոյ, ամանորեան գոհաբանական աղօթքը տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ, ժամը 16.00ին։

Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասը հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի մուտք գործեցին Մայր Տաճար։

Այստեղ, տեղի ունեցաւ կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն։

Միասնաբար երգուած «Տէր Ողորմեա»է յետոյ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը լանջախաչ կրելու արտօնութիւն շնորհեց՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի եւ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի։1843_524444394382115_8567142523194333107_n (1)

12227037_524443201048901_3167074314067678854_n