ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Kategori: Կրօնական

15823050_690927084400511_5965029165960710361_nՀոգեւորականաց ամանորեան գոհաբանական աղօթքը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ, ժամը 16.00ին։

Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասը հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի մուտք գործեցին Մայր Տաճար։ Այստեղ, տեղի ունեցաւ կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն։

Արարողութեան աւարտին միասնաբար երգուած «Տէր Ողորմեա»է յետոյ, Տ. Արամ Արքեպս., գնահատելով Պատրիարաքական Աթոռոյ երէց քահանաներէն՝ Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանը, իր շնորհեց «Աւագութեան» պատիւ եւ «ծաղկեայ փիլոն» կրելու արտօնութիւն։

15823281_690928237733729_9150729114165284048_n 15826521_690928244400395_9161456085724004979_n

Արարողութեան աւարտին, հոգեւորականաց թափօրը ուղղուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց դասու ամանորեան հաւաքը։

Արամ Սրբազան, Նոր Տարուայ առթիւ իր խօսքերուն մէջ գնահատեց ներկաները, որոնք իրենց կարողութեան սահմաններով ծառայութիւն մատուցանեն եկեղեցիներու պայծառութեան եւ ժողովուրդի հոգեւոր մխիթարութեան համար։ Այս առթիւ անդրադարձաւ ֆիզիքական անհանգստութեան պատճառաւ պաշտօն կատարելու դժուարութիւն ունեցող հոգեւորականներուն եւ ըսաւ թէ՝ ակամայ յայտնուած տեսարանով, հոգեւորականաց դասը որոշ չափով ուժ կորսնցուցած է ու յառաջիկայ օրերուն դժուարութիւնը հարթելու ուղղութեամբ քայլերը օրակարգի նիւթ պիտի դառնան։ Շնորհաւորեց նաեւ աւագութեան պատիւին արժանացած Կորիւն Քահանան։ Յիշեց նաեւ երկրի մէջ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական յարձակումները եւ մաղթեց որ նոր տարիին փոխական՝ խռվութեան տիրէ՝ խաղաղութեան ոգին։

Յանուն հոգեւորականաց դասու արտայայտուեցաւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթութեանց համար եւ փոխադարձ շնորհաւորութիւններ յղեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր։ Նորին Սրբութիւնը եւս
անդրադարձաւ հոգեւորականաց պատրաստութեան անհրաժեշտութեան եւ մաղթեց որ նոր տարիին այս ուղղութեամբ կենսական քայլեր առնուին։ Սրբազան Հայրը, իր առաջնորդութեան համար շնորակալութիւն յայտնեց Արամ Սրբազան Հօր ու մաղթեց որ թափուր հռչակուած Պատրիարքական Աթոռը, 2017-ին օժտուի նոր պատրիարքով մը։ Իր խօսքերուն լոյսին տակ, յիշեցուց թէ հոգեւորականաց դասու իւրաքանչիւր անդամին պարտ է աղօթի ճամբով զօրաւիք կանգնիլ իր հոգեւոր եղբայրներուն, իր Աթոռին եւ իր ժողովուրդին։ Հոգեւորականները հրաւիրեց նոր տարրին եւս աղօթել խաղաղութեան համար։

Արտայայտուեցաւ նաեւ Կորիւն Աւագ Քահանան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց գեղեցիկ անակնկալին համար։ Հաւաքի աւարտին, տեղի ունեցաւ փոխադարձ շնորհաւորութիւններ։