Հոգեւորականաց ամանորեան գոհաբանական աղօթքը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ, ժամը 16.00ին։
Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասը հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի մուտք գործեց Մայր Տաճար։ Այստեղ, տեղի ունեցաւ կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն։
Արարողութեան աւարտին միասնաբար երգուած «Տէր Ողորմեա»ի աւարտին աւարտին, հոգեւորականաց թափօրը ուղղուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց դասու ամանորեան հաւաքը։
Արամ Սրբազան, Նոր Տարուայ առթիւ իր խօսքերուն մէջ գնահատեց հոգեւորականները, որոնք իրենց կարողութեան սահմաններով ծառայութիւն կը մատուցանեն եկեղեցիներու պայծառութեան եւ ժողովուրդի հոգեւոր մխիթարութեան համար։ Ան մաղթեց որ նոր տարիին փոխանակ խռովութեան տիրէ խաղաղութեան ոգին։
Յանուն հոգեւորականաց դասու արտայայտուեցաւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթութեանց համար եւ փոխադարձ շնորհաւորութիւններ յղեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր։ Հաւաքի աւարտին, տեղի ունեցան փոխադարձ շնորհաւորութիւններ։
Հաւաքի աւարտին, Սրբազան Հայրը ներկաներուն նուիրեց Պատրիարքական Աթոռոյս 2019-ի օրացոյցը։