ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Kategori: Եկեղեցական

amanor hokevoragan 2Հոգեւորականաց ամանորեան գոհաբանական աղօթքը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ, ժամը 16.00ին։

Պատրիարքական Աթոռոյ միաբանութիւնը, քահանայ հայրեր եւ ժառանգաւոր սաներ հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի մուտք գործեցին Մայր Տաճար։ Այստեղ, տեղի ունեցաւ կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց «Փառք Քեզ Տէր Աստուած Մեր» մաղթանքը եւ միաբերան երգուած «Տէր Ողորմեա»ն։

Ապա թափօրը ուղղուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր Արամ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց դասու ամանորեան հաւաքը։ Կատարուած հանգստեան աղօթքով, յիշատակուեցան 2013ին վախճանած Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասու անդամները։ Սրբազան Հայրը Նոր Տարուայ առթիւ իր ելոյթով հանդէս եկաւ եւ անդրադարձաւ վախճանեալ հոգեւորականներու մասին եւ ըսաւ. «Այս տարի հոգեւորականաց դասը մեծ կորուստ ունեցած է դասու բազմամեայ սպասաւորներ՝ Տ. Շահան Ս. Արքեպս.ի, Տ. Յովհան Աւ. Քհնյ. Ստանպուլեանի, Տ. Գալուստ Քհնյ. Թէւեանի եւ ի վերջնումն Տ. Ստեփան Աւ. Քհնյ. Կոմիկեանի վախճանումով։ Հանգուցեալ հոգեւորականները իրենց առողջական վիճակի բերմամբ հանգստեան կոչուած էին եւ ենթարկուած՝ բժշկական խնամքի։ Սակայն իրենց վախճանումով Պատրիարքական Աթոռը կը կորսնցնէ երէց եւ փորձարու հոգեւորականներ։ Մանաւանդ Շահան Սրբազան Հայրը, որ ո՛չ միայն Պատրիարքական Աթոռոյ այլ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ երիցագոյն հոգեւորականը եղած է։ Կը խոնարհինք իրենց բարի յիշատակներու առջեւ կը կ՚աղօթենք որ Աստուած Ս. Եկեղեցւոյս սպասարկութեան կոչում ունեցող նոր մշակներ հանէ։ Փ՜առք Աստուծոյ որ, մեր ժողովուրդի հաւատացեալներէն ոմանք լսելով Աստուծոյ կոչը կը նուիրուին Ս. Եկեղեցւոյ սպասաւորութեան։ Այստեղ մէր մէջ ունինք անոնցմէ չորսը, Պատրիարքական Աթոռոյ Ժառանգաւոր սաները՝ յանձինս Բրկ. Կիսասարկաւագներ՝ Միքայէլ Տօնիկեան, Այգ Միւրզօյեան, Խաչիկ Օհանեան եւ Արման Պուլտուքեանի։ Պատրիարքական Աթոռոյս Կրօնական Ժողովը, հաւատացեալ ժողովուրդի խնդրանքին ընդառաջելով նորի տարիին իրենց մասին պարտն ու պատշաճը պիտի տնօրինէ։ Կը մաղթեմ որ 2014ը այս առումով պիտի ըլլայ բախտաբեր տարի մը»։

amanor hokevoraganՆորին Սրբազնութիւնը ապա գնահատեց հոգեւորականաց դասու բոլոր անդամները եւ իրենց մաղթեց առողջութիւն ու կարողութիւն, որպէսզի Նոր Տարիին նորոգուած հոգւով շարուանակէն նուիրեալ ծառայութեան։

Յանուն հոգեւորականաց դասու արտայայտուեցաւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթութեանց համար եւ փոխադարձ շնորհաւորութիւններ յղեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր։