ՀՈԳՇ. Հ. ԶԱՏԻԿ ԱԲԵՂԱՅԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Kategori: Եկեղեցական

Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ Ս. Պատարագըմատոյց Հոգշ. Հ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան, 16 Սեպտեմբեր 2005,Ուրբաթ, Խաչվերացի 6-րդ օրուան առթիւ։ Արարողութեանցնախագահեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը իներկայութեան Գերշ. Տ. Շահան Արքեպս. Սվաճեանի, վեղարաւորեւ քահանայ հայրերու։

Ս. Պատարագի աւարտին քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որանդրադարձաւ Ս. Արտեմիոս Վկայի վարքին յիշեցնելով, թէ այսսուրբին նշխարները թաղուած էին Պալաթու Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ ներքնայարկը, սուրբի անուանընծայուած  լուսաղբիւր մատրան մէջ։ Ս. Արտեմիոս վկան, որ Մեծն Կոստանդիանոսի բանակին բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն էր,վկայ եղած էր Ս. Խաչի Երեւման հրաշքին։ Ան յետագային իրծառայութիւնը շարունակեց նաեւ Յուլիանոս Ուրացող Կայսերժամանակ։ Ընդառաջելով Կայսեր կողմէ եղած հրահանգին Անտիոքկու գայ, ուր ականատես կ՚ըլլայ, թէ Յուլիանոս Ուրացող երկուքահանաներ կը չարչարէ։ Արտեմիոս կը հանդիմանէ կայսրը եւ այդ իսկպատճառաւ կը չարչարուի եւ կը նահատակուի։ Իր մարմինըբարեպաշտ կոյսի մը կողմէ կ՚առաքուի Պոլիս եւ կը թաղուի հայոցայսօրուան Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ տեղը հինէնգտնուող Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մատրան մէջ։

1834-ի վերաշինութեան ժամանակ, Պալաթի Ս. ՀրեշտակապետԵկեղեցւոյ հիմքերուն մէջ  երեւան կ՚ելլեն սուրբի մասունքները եւդարձեալ կ՚ամփոփուին եկեղեցւոյ ներքնայարկը լուսաղբիւր մատրանմէջ։ Ուստի Խաչվերացի ուխտագնացութեան եւ հսկումներունմասնակից հաւատացեալներ Չարխափան Ս. Աստուածամօր խորանինառջեւ իրենց ուխտի աղօթքը ընելէ ետք տաճարի ներքնայարկըիջնելով կը դիմեն նաեւ Ս. Արտեմիոս Վկայի բարեխօսութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը նորապսակ Հայր Զատիկ Աբեղայինթելադրեց, որ Սուրբ Արտեմիոսի վարքէն օրինակ առնէ անորարդարութիւնը, անիրաւութեան դէմ չլռելու եւ սրբութիւններու տէրկանգնելու առաքինութիւնը, որոնք ստացուած են կատարուածուխտերով։ Յիշեցուց, թէ ի գին ամէն զոհողութեան պէտք էր բացպահել տաճարի դուռը աղօթող հաւատացեալին առջեւ։ Հայր Զատիկաբեղայական ուխտով իր կեանքը միացուցած էր Աստուծոյ։ Իրկեանքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին պիտի ուսանէր, հաղորդպիտի դառնար մեր եկեղեցւոյ եւ հաւատքի սրբութիւններուն եւ իրկարգին զանոնք պիտի բաժնէր այլ հաւատացեալներու եւ պիտիփոխանցէր յետագայ սերունդներուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրըշնորհաւորեց Հայր Զատիկ Աբեղան եւ մաղթեց, որ իր ձեռնադրութիւնըշնորհաբեր ըլլայ մեր միաբանութեան, հոգեւոր դասուն, հաւատացեալժողովուրդին եւ Պատրիարքական մեր դարաւոր Սուրբ Աթոռին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնվասն հոգւոցն պատարագիչ Հայր Սուրբի ընտանեկանպարագաներուն։

Ապա, Եկեղեցւոյ յարակից Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջտեղւոյն Թաղային Խորհուրդին եւ Տիկնանց Կազմին կողմէ սիրոյսեղան սարքուեցաւ նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։Աւարտին, Նորին Ամենապատուութեան հրաւէրով՝ Գերշ. Տ. ՇահանԱրքեպս. Սվաճեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, որ հայրականխրատականներով շնորհաւորեց նորընծայ Հայր Սուրբը եւ յաջողութիւնմաղթեց իր ապագայ առաքելութեան մէջ։