ՀՈԳՇ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ ԱԲԵՂԱՅԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Kategori: Եկեղեցական

hayr sihnork (2)Նորապսակ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, յետ ձեռնադրութեան ապաշխարութեան շրջանը բոլորելով, 1 Մարտ 2014, Շաբաթ, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ մատուցանեց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։

Արարողութեանց հանդիսապետեց Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Արարողութեանց ներկայ եղան նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններ եւ քահանայ հայրեր։ Արարողութեանց մասնակցելու համար խուռներամ բազութիւն մը փութացած էր նաեւ Ս. Յովհաննէս Եկեղեցին։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին բազմաթիւ սարկաւագներ եւ ուրարակիր դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի։

hayr sihnork (1)

karoz sahak srpazanՆախ քան Տէրունական Աղօթքը, Սահակ Եպս. քարոզեց «Ով որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է. ով որ ինծի հետ չի հաւաքեր՝ կը ցրուէ» (Մատթ. 12.30) բնաբանով։ Նորին Սրբազնութիւնը շեշտեց Քրիստոսի հետ քալելու կարեւորութիւնը եւ ըսաւ. «Մեր կեանքի առանցքը պէտք է ըլլայ Քրիստոս եւ իր պատգամը։ Եթէ աշխարհիկ հարստութեանց կառչինք, եթէ այդ հարստութիւնը միայն մեր անձերուն համար օգտագործենք, երկնքի արքայութեան համար հարստութիւն դիզելը անկարելի կ՚ըլլայ մեզի համար։ Գացէ՛ք գերեզմանատուները այցելեցէք եւ հարցուցէք հանգուցեալներուն, արդեօք իրենց հետ ի՞նչ տանիլ կարելի եղաւ։ Անոնք իրենց հետ տարին միայն այն բանը, որ ուրիշներուն տուած էին։ Բոլորիս տրուած են հարստութիւններ, որոնք կրնան ըլլալ նիւթական եւ կամ բարոյական։ Կարեւորը այդ բոլորէն ուրիշներուն մաս եւ բաժին հանելն է։ Այս է Քրիստոսի պատգամը եւ ով որ այս պատգամը կը լսէ ու կը գործադրէ, բնականաբար կը միանայ Քրիստոսին, եւ կը հետեւի Քրիստոսին»։

Սահակ Եպս., աւելի վերջ ներկայացուց Տ. Շնորհք Աբեղան եւ ի մէջ այլոց ըսաւ. «Աշխարհի վրայ չկայ ուրիշ հաստատութիւն մը քան եկեղեցին, որ իր գոյութիւնը կը շարունակէ 2000 տարիներէ ի վեր։ Եկեղեցին շարունակական կ՚ըլլայ այն ատեն, երբ հաւատացեալներ ներկայ կ՚ըլլան Եկեղեցւոյ մէջ եւ անոնց մէջէն կ՚ելլեն հոգեւոր սպասաւորներ։ Ահա այս սպասաւորներէն մին եղաւ Շնորհք Հայր Սուրբը, որուն կեանքի մեծամասնութիւնը անցաւ Ս. Եկեղեցւոյ մէջ։ Շատեր զինքը ճանչցան Շաֆաք Միքայէլ անունով, որպէս՝ բծախնդիր պաշտպանը Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեանց եւ ծիսակատարութեանց։ Իր այս նկարագիրով ծանօթ եղաւ եկեղեցի յաճախող շատերուն։ Ան, քառասուն օրեր առաջ ծունկի եկաւ Ս. Եկեղեցւոյ մէջ եւ ձեռնադրուելով ստացաւ Շնորհք անունը։ Աղօթեցէ՛ք, Հայր Սուրբին համար, որպէսզի Աստուած զօրացնէ զայն իր ծառայութեան մէջ եւ ըլլայ մշակ առանց ամօթոյ»։

Նորին Սրբազնութիւնը ապա խրատներ ուղղեց նորապսակ Հայր Սուրբին ըսելով «Սիրելի Հայր Սուրբ, կուսակրօն հոգեւորական դառնալով, յօժարութեամբ ընդունեցիր նոր կեանք մը։ Քու գլխաւոր պաշտպանդ պիտի ըլլայ Քրիստոս, եթէ չբաժնուիս Իր ճամբէն։ Եթէ իրեն վստահիս, Ան առանձին պիտի չթողու քեզ։ Քու եկեղեցիդ, քու ժողովուրդդ պիտի ըլլայ քու ընտանիքդ»։

Ս. Պատարագին մասնակից հաւատացեալներէն շատեր, մօտեցան եւ Հայր Շնորհքի ձեռամբ ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Հոգեհանգստեան արարողութենէ յետոյ, պատարագիչ նորընծայ Հայր Սուրբը, հաւատացեալներու վրայ «Փարատեա» աղօթքը արտասանեց։

kilise

Ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ նորընծայ Հայր Սուրբին ի պատիւ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ։ Սիրոյ սեղանին արտայայտուեցան Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհն. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ Հայր Շնորհք։

konusmaՅարութիւն Շանլը իր խօսքին մէջ, ուրախութիւնը յայտնեց Կէտիկփաշայի ընտանիքէն անդամ մը հոգեւորական դարցած տեսնելով։ Հայր Շնորհքը, որպէս լուսասար սպասարկած էր եկեղեղւոյ մէջ եւ սիրաշահած՝ թէ՛ վարչայիններու եւ թէ՛ երգչախումբի անդամներու սրտերը։ Այս առումով փափաքած էին որ Հայր Սուրբը իր անդրանիկ Ս. Պատարագը Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ մատուցանէր։ Շնորհաւորեց Հայր Սուրբը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրէն։ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանան իր խօսքին մէջ, օրուան արարողութիւնները նմանցուց Ս. Զատկի նախատօնակի մը։ Եկեղեցւոյ մէջ ներկայ հոծ բազմութիւնը կը պարզէին այդ երեւոյթը։ Եզրակացուց որ իւրաքանչիւր հոգեւորականի ձեռնադրութեամբ, Ս. Սեղան մը եւս կը բացուէր հաւատացեալներու առջեւ եւ այս մէկը հոգեւոր ուրախութեան առիթ կ՚ըլլար թէ՛ հոգեւորականաց դասուն եւ թէ՛ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Քառասուն օրեր առաջ ձեռնադրուած երեք հոգեւորականներով կը զօրանար Ս. Եկեղեցին եւ անդրանիկ Ս. Պատարագներէ յետոյ հաւատացեալներ առիթը պիտի ունենային վայելելու այս մշակները։ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, յիշեց Աթոռանիստ Մայր Տաճարի հովուութեան օրերը, որոնց ընթացքին Հայր Շնորհքը լուսարարութեան պաշտօնին առընթեր ստանձնած էր Պէզճեան Սանուց Միութեան Վարչութեան ատենապետութիւնը։ Այդ ժամանակներու Միքայէլը, կը սիրուէր եւ կը յարգուէր Գումգաբուի երիտասարդներէն։ Շաբաթ երեկոյեան Միութեան երդիքին տակ հաւաքուած երիտասարդները կը հրաւիրէր մասնակցելու Երեկոյեան Ժամերգութեան։ Ապա, Հայր Շնորհք բեմ բարձրացաւ եւ արտասանեց իր սրտի խօսքը։ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք իր պատրաստութեան շրջանին, ձեռնադրութեան արարողութեան, ապաշխարանքի շրջանին, ինչպէս նաեւ անդրանիկ Ս. Պատարագի մատուցման օրը իր հետ եղած էին։ Երախտագիտութեան ջերմ զգացումներով մասնաւորաբար յիշեց Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանը, որ շատ տարիներ առաջ տեսած էր պատանի Միքայէլի եկեղեցւոյ նկատմամբ գուրգուրանքը եւ հեռատեսութեամբ ըսած էր թէ այդ մանուկը օր մը հոգեւորական պիտի դառնար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ իր հոգեւոր ծնողին։ Երախտագիտութեամբ յիշեց նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասու երիցագոյն անդամներէն՝ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեանը, որ իր մանկութենէ սկսեալ հայրական հոգածութիւն ցոյց տուած էր իրեն ու նաեւ եղած՝ իր ձեռնադրութեան կնքահայրը։ Մասնաւորաբար շեշտեց որ «Աստուածաշունչը» իւրաքանչիւր հոգեւորականին սրտին մէջ պէտք է տեղ գրաւէր, որպէսզի ցրտացած սիրտեր ջերմանային Անով։ Խօսքերու աւարտին շնորկալութիւն յայտնեց իր ծնողքին, որոնք առանց նոյնիսկ Հայերէն գիտնալու, իրենց զաւակը ի տղայ տիոց առաջնորդած էին դէպի եկեղեցի։ Ինք եւս աղօթք խնդրեց հաւատացեալներէն, որպէսզի Տէրը օգնական ըլլայ այս դժուար պարտականութեան մէջ։

Հուսկ Բանքը արտասանեց Սահակ Եպս., անգամ մը եւս շնորհաւորեց Հայր Սուրբը եւ Իրեն յանձնեց Գումգաբուբնակ Սասունցի հաւատացեալներու նուիրած ձեռաց խաչը։ Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած «Տէրունական Աղօթք»ով։