ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Kategori: Եկեղեցական

188Ընդառաջելով Մեծ Կղզի բնակող հաւատացեալներու փափաքին, 13Օգոստոս 2005, Շաբաթ առաւօտ, հայածէս Ս. Պատարագմատուցուեցաւ Մեծ Կղզիի Ս. Փաչիֆիքօ Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյմէջ։ Կղզեցի հայեր եւ միւս կղզիներէն ժամանած ուխտաւորներեկեղեցին լրիւ լեցուցած էին։

Ս. Պատարագը մատոյց Իշխանաց Կղզիներու հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Հ.Թաթուլ Աբղ. Անուշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին ԲարեշնորհՎաղարշակ Սրկ. Սերովբեան եւ բարեկրօն Սայաթ Դպիր Չնարեան։Երգեցողութիւնները կատարուեցան կղզեբնակ եւ Գնալը Կղզիէնժամանած դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ Բարեշնորհ Ռոյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշի։

Պատարագիչ Հայր Սուրբը Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց«Դուն ժայռ ես, ու ես այդ ժայռի վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս» (Մատթէոս 16.18) բնաբանով։ Հայր Սուրբը շեշտեց, թէիւրաքանչիւր հաւատացեալ Քրիստոսի Եկեղեցիին համար պէտք է վերածուի ժայռի մը։ Քրիստոս մեր ամէնուն կոչ կþուղղէ, որպէսզի մեր տեղը գրաւենք Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։  Հայր Սուրբը ըսաւ, թէ «Ինչպէս որ ժայռեր կը վերածուին քարերու եւ կը դառնան շինութեան մէկ մասնիկը, նոյնպէս մենք ալ պէտք է որ ձեւաւորուինք եւ վերածուինք շինութեան քարերու եւ մարմնաւորենք հոգեւոր շինութիւնը մեր հաւատքին»։ Հայր սուրբը, ապա ամփոփ գիծերովանդրադարձաւ, թէ Աստուածամայրը իր անսասան հաւատքով ինչպէս տիպար ժայռ մը եղած էր Եկեղեցւոյ համար եւ ըսաւ, որ բաւարարպէտք չէ համարել այս ճշմարտութիւնները միայն գիտնալը, այլ նաեւպայման է, որ մենք եւս մեր շուրջիններուն համար վերածուինք տիպարներու, կատարենք բարի գործեր եւ աներեր մնանք մեր լոյս հաւատքին մէջ միշտ գոհութիւն տալով Աստուծոյ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատարագիչ Հայր Սուրբը Մեծ Կղզի բնակող ժողովուրդի համար օրհնեց խաղողը։

Ապա Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Գերյ. Հ. Անդրէաս Վարդապետ հովուատան մէջ հիւրասիրեց Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբեղան եւ ընկերակիցները։

189