ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵՐՍԻՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր բարեհաճտնօրինութեամբ Արժ. Տ. Տրդատ Քահանան հովուականպարտականութեամբ այցելութիւն տուաւ Հաթայի եւՄերսինի Հայ համայնքներուն։ Արժանապատիւ Տէր Հօրկ՚ուղեկցէր Երէցկին Դանիա Ուզունեան։

Տէր Հայրը 27 Մայիս 2005 Ուրբաթ գիշեր Պոլիս-Ատանա-Անտիոք ուղիով կէս գիշերին Վաքըֆգիւղժամանեց, ուր դիմաւորուեցաւ Գիւղապետ ՊերճՔարթունի կողմէ։ Տէր Հայրը 28 Մայիս 2005 Շաբաթառաւօտ խորհրդակցական հանդիպում ունեցաւՎաքըֆգիւղի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ նորընտիրԹաղային Խորհրդոյ Ատենապետ Կարպիս Քուշի հետ եւայցելեց գիւղացիներու բնակարանները։ Ժամը 16.30-ինՏէր Հայրը, ուղեկցութեամբ Սապահ Քարթունի, հասաւԱղեքսանդրեկ, ուր կատարեց Կիրակամուտքիժամերգութիւն։ Տէր Հայրը այստեղ ալ տեսակցեցաւՍրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ ԹաղայինԽորհրդոյ Ատենապետ Կարպիս Քսատուրի, Բ.Ատենապետ Միքայէլ Թապաշի եւ այլ տեղացիհաւատացեալներու հետ։ Իսկ ժամը 20.00-ին Տէր ՀայրըՍուրբ Պատարագ մատոյց Վաքըֆգիւղի ՍուրբԱստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։ Տէր Հայրը զոյգհամայնքներուն ալ փոխանցեց ՆորինԱմենապատուութեան հայրական օրհնութիւններն ուողջոյնները։

Իսկ 29 Մայիս 2005 Կիրակի առաւօտ, Տ. ՏրդատՔահանան մեկնեցաւ Մերսին եւ դիմաւորուեցաւՄերսինի Հայ Համայնքէն ատամնաբոյժ ՇահինՔսատուրի կողմէ։ Ապա ժամը 11.30-ին ներկայ եղաւԳերյ. Հայր Պրունօ Սիմոնելլիի մատուցած ՍուրբՊատարագին Լատին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ, ուրՄերսինի Հայ համայնքէն մի քանի ընտանիք կըմասնակցի կիրակնօրեայ պաշտամունքներու։ ՍուրբՊատարագի աւարտին  Տէր Հայրը առիթ ունեցաւմէկտեղուելու հայ համայնքի անդամներուն հետ՝եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Տէր Հայրը, Ամենապատիւ Տիրոջօրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն։ Համայնքիանդամները փափաք յայտնեցին, որ ժամանակ առժամանակ հոգեւորականներ այցելութիւն տան Մերսինիհամայնքին։ Իսկ Տէր Հայրը յանձնարարեցկազմակերպուիլ որպէս համայնք եւ դիմում կատարելՆորին Ամենապատուութեան։

Տէր Հայրը ապա ժամը 18.00-ին Սուրբ ՊսակիԽորհուրդը կատարեց Հայկ-Եւա Քէշիշեան զոյգին՝Մերսինի Սրբոց Հրեշտակապետաց ԱնտիոքեանՈւղղափառ Եկեղեցւոյ մէջ։ Պսակի հանդիսութեանմասնակցելու համար Պոլիսէն ժամանած էին ՅակոբՄամիկոնեանի գլխաւորած փոքրիկ երգչախումբ մը։Տէր Հայրը նորապսակ ամոլին Ամենապատիւ Տիրոջանունով երջանկութիւն մաղթեց։ Տէր Հայրը նոյներեկոյեան ուշ ժամերուն վերադարձաւ Պոլիս։