ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍԻՎԱՍԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի արտօնութեամբ, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան ընկերակցութեամբ Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեանի, հովուական այցելութիւն տուաւ Սիվասի Հայ համայնքին։

Գրիգոր Աւ. Քհնյ. 20 Յունուար 2015, Երեքշաբթի առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցաւ Սիվաս եւ դիմաւորուեցաւ Երուանդ Տուրմազկիւլէր եւ Երուանդ Մըղտըսի կողմէ։

Սիվասի Համայնքի համար գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է, այցելել կուսակալութեան եւ քաղաքապետարան։ Հայ համայնքի ներկայացուցչիները, կը փափաքին որ հովուական այցելութեամբ քաղաք ժամանած հոգեւորականներ գլխաւորեն սոյն քաղաքավարական այցելութիւնները։

vali yrdԱյս շրջագծով նախ ժամը 14.00-ին, Գրիգոր Աւ. Քհնյ.,ընկերակցութեամբ Արթուն Սրկ.ի, Երուանդ Տուրմազկիւլէրի, Երուանդ Մըղտըսի եւ Շահին Թօկաչի քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Սիվասի Կուսակալի օգնականին։ Նկատելով որ կուսակալը կը գտնուէր քաղաքէ դուրս, իր գլխաւոր օգնական՝ Սալիհ Այհան փափաքած էր հիւրասիրել խումբը։

Այցելուները, շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն հանդիպման համար։ Սալիհ Այհան շնորհաւորեց այցելուներու Ս. Ծնունդը։ Այս առթիւ անդրադարձաւ ԱՄՆ. գաղթած նախկին Սեբաստահայի մասին իրական կեանքէ առնուած դրուագի մը։ Յառաջացեալ տարիքին մէջ գտնուած Սեբաստահայը, կուսակալին Սեբաստացիներու յատուկ բարբառով նամակ մը գրած էր եւ իր ծննդավայրէն խնդրած էր ափ մը հող եւ «Մատըմաք»։ Նկատելով որ ո՛չ մէր ազգական ունէր Սեբաստիա, ան նամակը ուղղած էր կուսակալին։ Կուսակալը ընթացք տուած էր ներկայացուած խնդրանքին եւ ուղարկած էր հողն ու Մատըմաքը։ Յետագային, Սեբաստահայուն զաւակը, կուսակալին գրուած նամակով, այս անգամ կը նկարագրէ իր հօրը մահը։ Սեբաստահայը, այդ ափ մը հողը դրած էր իր բարձին տակ եւ Մատըմաքի ապուրէն քանի մը դգալ ըմպելէ յետոյ աւանդած էր իր հոգին։

kulturԺամը 15.00-ին այցելութիւն տրուեցաւ, Գործ եւ Գործաւոր Հայթայթման Հաստատութեան Տնօրէն Նուրէտտին Քէօքսալի։ Այս հանդիպման ընթացքին, յարգելի տնօրէնը յայտնեց թէ ծրագրուած էր Հայոց Գերեզմանատունը ծառերով բարեզարդել։ Ըստ մշակուած ծրագրի, աշխատաւորներ պիտի հայթաթուէին եւ իրենց աշխատավարձքը պիտի դիմագրաւուէր հաստատութեան կողմէ։

Իսկ ժամը 16.00-ին, քաղաքավարական այցելութիւն տրուեցաւ Սիվասի Քաղաքապետարանը։ Նկատելով որ կուսակալը կը գտնուէր քաղաքէ դուրս, այցելուներ ընդունուեցան փոխ քաղաքապետներ՝ Ահմէտ Էօզայտըն եւ Մէհմէտ Մուազ Ուզունի կողմէ։

badarak 1Տէր Հայրը ապա այցելեց քաղաքի անկողնոյ ծառայող երիցագոյն անդամ՝ Հերիգնազ Մայրիկին եւ Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեց իրեն։ Ժամը 20.00-ին Տուրմազկիւլէր ընտանիքի բնակարանին մէջ մատուցուեցաւ առտնին Ս. Պատարագ, որու աւարտին կատարուեցաւ Ջրօրհնէք, կնքահայրութեամբ՝ Արի Մըղտըսի։ Արարողութեանց աւարտին ներկաներ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։ Տէր Հայրը Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր ողջոյնները փոխանցելէ յետոյ Ս. Ծննդեան մասին խրատական մը խօսեցաւ ընդգծելով՝ Ս. Պատարագի մասնակցելու, Ս. Հաղորդութիւն ստանալու եւ Ս. Գրքի ընթերցման կարեւորութիւնը հաւատքի զօրացման համար։

toplu 01Յաջորդ առաւօտ, ժամը 9.00-ին, այցելութիւն տրուեցաւ Սիվասի Ալիմ Պարութի։ Ընդունելութեան ընթացքին Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար։ Մեծայարգ կուսակալը այս առթիւ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Արժանթին գաղթած նախկին Սեբաստահայերու հիւրընկալութեան եւ ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան, երբ Սեբաստիոյ քաղաքապետին հետ կը գտնուէր Արժանթին։

mezarlıkԺամը 13.00-ին, հակառակ խստաշունչ օդին, համայնքի անդամներէն ոմանք համախմբուեցան քաղաքի Հայոց Գերեզմանատան մէջ, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ Սիվասցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։

mezarlık 2Ժամը 15.00-ին, այցելութիւն տրուեցաւ Սեբաստիոյ Զբոսաշրջական եւ Մշակութային Գործոց Տնօրէն Քատիր Փիւրլիւի։ Հանդիպման ընթացքին մասնաւորապէս շեշտուեցաւ Սեբաստիոյ եպիսկոպոս Ս. Վլաս Հայրապետի եւ Ս. Քառասնից Մանկանց կարեւորութիւնը Սեբաստիոյ պատմութեան համար։

stvilas

Ս. Վլաս Հայրապետի գերեզմանին գտնուած շրջանին մէջ

Ս. Վլաս Հայրապետ, ծանօթ է «Կէօզ Էվլիեասը» եւ «Պօղազ Էվլիեասը» կոչումներով։ Իր գերեզմանը շարունակ եղած է ուխտատեղի մը, որ կը գտնուէր քաղաքի «Կէօքմէտրէսէ» թաղին մէջ, պատմական «Կէօքմէտրէսէ»ի դէմը։ Իսկ, Ս. Քառասնից Մանկանց մարտիրոսացած Սառ Լիճը կը գտնուէր «Քըրքլար Փնարը» կոչուած վայրը։ Սեբաստաբնակ Հայ հաւատացեալներու առաջնորդութեամբ այցելութիւն տրուեցաւ սոյն վայրերը, ուր Տէր Հայրը բարեխօսութիւնը խնդրեց Ս. Վլաս Հայրապետի եւ Ս. Քառասնից Մանկանց։

Նոյն գիշեր ժամը 20.00-ին Գրիգոր Աւ. Քհնյ. եւ Արթուն Սրկ. օդային ճամբով վերադարձան Ստանպուլ։ Այցելութեանց ընթացքին Սեբաստիոյ անդամները մեծապէս ուրախ էին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարի առթիւ կատարուած արարողութեանց մասնակցած ըլլալով։ Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռոյ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։