ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 13 Օգոստոս 2020, Հինգշաբթի երեկոյեան, Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղի ժողովուրդին հովուապետական անդրանիկ այցելութեան նպատակաւ օդային ճամբով մեկնեցաւ Հաթայ։ Ամենապատիւ Տիրոջ ճամբորդութեան ընթացքին կ՚ընկերանային գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ թիկնապահը։

Մեր Հոգեւոր Պետը եւ իր ընկերակիցները Հաթայի օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ Անտիոքի եւ շրջակայից Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Իսկենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Կարպիս Քըսատուրի, Բ. Ատենապետ Միքայէլ Թապաշի, Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Ճէմ Չափարի եւ Բ. Ատենապետ Պետրոս Քեահեաօղլուի եւ Վաքըֆգիւղի Գիւղապետ Պերճ Գարթունի կողմէ։ Միջոց մը սրահին մէջ հանգստանալէ յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները հասան Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղը։

ԺԱՄԱՆՈՒՄ

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 20.30-ի շուրջ ժամանեց Վաքըֆգիւղ եւ դիմաւորուեցաւ գիւղացիներու կողմէ։ Վաքըֆգիւղցիներ, Պատրիարք Հայրը ողջունեցին աւանդական աղ ու հացով, ծաղիկներով ու գիւղական աւանդական տհոլ-զուրնայով եւ առաջնորդեցին դէպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի։

ՀՐԱՇԱՓԱՌ

Գիւղի գողտրիկ եկեղեցւոյ զանգի ղօղանջին ներքեւ Նո¬րին Ամենապատուութիւնը Հրաշափառով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ կարճ աղօթասացութիւն։ Ապա յանուն տեղւոյն համայնքին, գիւղի Հոգեւոր Հովիւը բարի գալուստ մաղթեց Ամենապատիւ Տիրոջ եւ ըսաւ թէ աւելի քան տաս տարիներէ ի վեր կարօտ մնացած էին իրենց Պատրիարքը ողջունելու եւ այժմ ուրախ են ըսելու. Բարի գալուստ Պատրիարք Հայր, Աստուած օգնական։

Ի պատասխան Տէր Հօր, Նորին Ամենապատուութիւնը նախ յայտնեց իր ուրախութիւնը գիւղի մեր ժողովուրդին հետ ըլլալուն պատճառաւ, սակայն ընդգծեց, որ համավարակը դժուար օրեր ապրեցուց եւ կ՚ապրեցնէ բոլորիս, ինչպէս նաեւ գիւղի մեր ժողովուրդին։ Համավարակը պատճառ եղաւ, որ չնչուի տօնախմբութեան խրախճանքը։ Մեր հոգեւոր Պետը շեշտեց, թէ §մինակ չէ Վաքըֆգիւղի մեր ժողովուրդը։ Ան մեր բոլորին մտքերուն եւ սրտերուն մէջ է։ Այս մեր միասնականութիւնը ցոյց տալու համար է, որ փափաքեցայ Ս. Աստուածածնի տօնախմբութեան մասնակցիլ այստեղ՝ Մուսա Լերան բարձունքին¦։

Ապա ի պատիւ մեր հոգեւոր պետին կատարուեցաւ համեստ հիւրասիրութիւն։

Մեր Հոգեւոր Պետը եւ ընկերակիցները իջեւանեցան գիւղի նորաշէն հիւրանոցը։

ԱՅՑ՝ ՀԱԹԱՅԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԻՆ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, 11 Սեպտեմբեր 2008, Ուրբաթ, ժամը 10.30-ին քաղաքավարական այցելութիւն մը նուաւ Հաթայի նահանգապետ Ռահմի Տողանին։

Այստեղ մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ եկած է նախագահել եկեղեցական արարողութեան։ Այս մէկը գեղեցիկ առիթ եղած է, որ ան կատարէ իր Պատրիարքական շրջանի անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնը դէպի Հաթայ եւ այս առիթով փափաքած է քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ տեղւոյն պետական բարձրագոյն անձնաւորութեան՝ Նահանգապետին։

Նահանգապետ Տողան ուրախութիւնը յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան այցելութեան համար եւ ըսաւ թէ զանազան կրօնքներու, դաւանանքներու եւ ազգութեանց տարբերութիւնը Հաթայի մէջ վերածուած է հարստութեան մը եւ ուրախութիւնը յայտնեց Հայոց Պատրիարքը երեք միաստուածեան կրօնքներու հաւատացեալներուն խաղաղութեան ու սիրոյ մէջ ապրած այս քաղաքին մէջ հիւրասիրելուն համար։ Հակառակ դրացի երկիրներու մէջ տիրող արիւնոտ օրերուն, Հաթայը մասնաւոր քաղաք մըն է, ուր կրօնքներու եւ մշակոյթներու համակեցութիւնը յաւիտեան պիտի ապրի։ Ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց այն բոլոր առաջնորդներուն, որոնք այս սրբազան գործին յաջողութեան համար ջանք չեն խնայեր։

Hatay_Valiliği

ԱՅՑ՝ ՀԱԹԱՅԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն օր, ժամը 14.30-ին, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ նաեւ Հաթայի Մայր Քաղաքապետ Լիւթֆիւ Սավաշին։ Տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց։

Սոյն այցելութեանց ընթացքին մեր Հոգեւոր Պետին կ՚ընկերանային բացի գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քահանայէ, Անտիոքի եւ շրջակայից Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Ճէմ Չափար եւ Վաքըֆգիւղի Գիւղապետ Պերճ Գարթուն։

HatayBelediye_2020_02-1