ՀՌՈՄԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Միջեկեղեցական

papa taht toreniՆորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Ա. Քահանայապետ, 19 Մարտ 2013, Երեքշաբթի, յատուկ հանդիսութեամբ գահակալեց եւ մատուցանեց անդրանիկ Ս. Պատարագը, որուն ներկայ եղաւ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս, հանդիսութեանց մասնակցեցան Պատրիրարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան եւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Յարանուանութեանց ներկայացուցիչները, 19 Մարտ 2013, Երեքշաբթի առաւօտ, ժամը 08.30-ին, Ս. Մարթա Հիւրանոցէն մեկնեցան դէպի  Ս. Պետրոս Մայր Տաճար։ Հայ եկեղեցւոյ պատուիրակութեան կը գլխաւորէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Պատրիրարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրն ու Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Հայր Սուրբը, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Հրատարակչական Բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննիսեան, Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան, գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Անանիա Աբղ. Ծատուրեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Հռոմ ժամանած Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Կիլիկեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արքեպս. Մարտիրոսեան, Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Խումբին միացաւ նաեւ ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիկեան։

Վատիկանի Ս. Պետրոս Տաճարի մէջ, ժամը 09.30-ին սկսաւ գահակալութեան արարողութիւնը։ Արարողութեանց ներկայ եղան քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ պետական մակարդակի ներկայացուցիչներ։ Գահակալութեան առթիւ Ս. Պետրոս Հրապարակը լեցուն էր զանազան երկիրներէ եկած միլիոնաւոր հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։ Կատարուած հանդիսութեամբ Հռոմի Քահանայապետին յանձնեցին գառնուկի բուրդէ հիւսուած Հովուապետական Եմիփորոնը ու Քահանայապետական Մատանին, որոնցմէ յետոյ կատարուեցաւ Ս. Գրային ընթերցումներ։ Ֆրանսիս Ա. Քահանայապետը մատուցանեց նաեւ անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Ան քարոզին մէջ անդրադարձաւ խաղաղութեան գաղափարին եւ համայն աշխարհը խաղաղութեան հրաւիրեց։ ՝՝Մարդիկ, այլեւս պէտք է սկսին խաղաղութեան միջավայր մը ստեղծելու եւ զօրաւոր անձեր պէտք չէ անտեսեն կարիքաւոր անձերը, այլ պէտք է օգնեն անոնց։ Այս պէտք է ըլլայ բոլոր մարդկանց առաջնահերթ պարտականութիւնը՝՝։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ 11.30-ին եւ Նորին Սրբազնութիւնն ու Թաթուլ Հայր Սուրբը վերադարձան Ս. Մարթա Հիւրանոց։

papa bartholomeos

papa

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՊԱՊԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Ա. Քահանայապետը, 20 Մարտ 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 12.00-ին Պապական Առաքելական Պալատի մէջ ընդունեց կրօնական ներկայացուցիչները։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս, ներկայ եղան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան եւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Այս հանդիպման, Քրիստոնեայ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներու առընթեր ներկայ եղան նաեւ Իսլամ եւ Մովսիսական կրօնաւորներ։ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը յանուն ներկաներուն, հանդէս եկաւ ելոյթով մը, ուր կը շեշտէր եկեղեցիներու եղբայրութիւնը եւ միջկրօնական յարաբերութեանց կարեւորութիւնը։ Ան յայտնեց թէ, այլ կրօնքներու անդամներու միջեւ եղած երկխօսութիւնը կարեւոր է այնքան, որքան՝ քրիստոնեայ յարանուանութեանց միութեան երկխօսութիւնը։

vatikanda toplantida

Ֆրանսիս Ա. Քահանայապետը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած եղբայրական մերձեցման համար։ Պապը անգամ մը եւս հաւաստիացուց թէ, պիտի ջանար աւելի շատ աշխատիլ ի նպաստ՝ աղքատներու, անկեալներու, անօթիներու, օժանդակութեան կարիք ունեցողներու։ Ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար, որպէսզի իր կարելին ի գործ դնէր թէ՛ եկեղեցեաց միութեան եւ թէ՛ աշխարհի խաղաղութեան համար։ Նաեւ մաղթեց որ միջկրօնական երկխօսութեան զօրացմամբ նուազին մարդոց միջեւ եղած  խռովութիւնները։

Ապա ներկայները մի առ մի մօտեցան Ֆրանսիս Ա. Քահանայապետին եւ ներկայացուցին իրենց շնորհաւորութիւններն ու յուշանուէրները։

Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան եւ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան 20 Մարտ 2013, Չորեքշաբթի, ուշ երեկոյեան կը վերադառնան Ստանպուլ։