ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԱՆՈՒԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 21 Յունուար 2019, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ գործող Հրանդ Տինք անուան դպրոցի գլխաւոր բարերարներ՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը եւ պատասխանատու Արեքնազ Աւագեանը։

Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին վարժարանի մասին եւ յայտնեցին թէ՝ 27 Յունուար 2019, Կիրակի մատաղօրհնութիւն պիտի կատարուէր ի նպաստ իրենց վարժարանին։ Հիւրեր յայտնեցին, թէ եկած էին նաեւ հրաւիրելու Նորին Սրբազնութիւնը նախագահելու արարողութեանց։

HRANT DINK OKULU 2019

Մտերիմ զրոյցի ընթացքին, Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, ապա մօտէն հետաքրքրուեցաւ կատարուած մատաղօրհնութեան զարգացումներով ու վարժարանի ի նպաստ կատարուած աշխատութիւններով։

Հանդիպման աւարտին, Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։