ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆ ՈՒ ՓՐՈՖ. ԹԷՕ ՖԱՆ ԼԻՆՏ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

IMG_5402Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 17 Յունուար 2018, Չորեքշաբթի, առաւօտ Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեանի անուանակից թոռն ու Օքսֆորտի համալսարանէն հայագէտ Փրոֆ. Թէօ ֆան Լինտը, որոնք այս օրերուս կը հիւրընկալուին Սամաթիոյ ընտանիքի կողմէ։ Մեծայարգ հիւրերուն կ՚ընկերանային Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Եսայի Տէմիր, Սահակեան Նունեան Վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Տքթ. Արէտ Քարապուլութ, Վարժարանի Լիսէի Բաժնի Տնօրէն Մարի Սարուխանեան, Հայերէնի ուսուցիչներ՝ Վարուժան Արզումանեան, Հռիփսիմէ Մէյտան եւ Սիւզան Աչըք։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Դիւանապետ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Սահակեան Նունեան Լիսէի հաստատման 50-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու ծիրէն ներս, 16 Յունուարին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ Հրաչեայ Աճառեանի ոգեկոչման հանդիսութիւն տեղի ունեցած էր Սամաթիոյ մէջ, որուն որպէս պատուոյ հիւր մասնակցած ու զեկոյցներով հանդէս եկած էին Հրաչեայ Աճառեանի Երեւանաբնակ անուանակից թոռն ու Օքսֆորտի համալսարանէն հայագէտ Փրոֆ. Թէօ ֆան Լինտը։ Իրենց կեցութեան շրջանէն օգտագործուելով, Սամաթիոյ վարժարանի ներկայացուցիչները, փափաքած էին պատուոյ հիւրերուն հետ այցելել Պատրիարքարան ու ծանօթացնել համայնքի հոգեւոր կեդրոնը։ Հրաչեայ Աճառեան յայտնեց թէ, առաջին անգամ Պոլիս այցելելով, մեծապէս ոգեւորուած էր ընծայուած ջերմ հիւրընկալութենէն։ Մասանաւորապէս տպաւորուած էր իր մեծհօր ծնած ու սնած քաղաքին մէջ, կազմակերպուած յիշատակութեան հանդիսութենէն։ Ուրախ էր Պոլիս գտնուելով ու շնորհակալութիւն կը յայտնէր բոլոր անոնց, որոնք այս առիթը ստեղծած էին իրեն։ Փրոֆ. Թէօ ֆան Լինտ եւս հիացած էր եւս կը միանար Պրն. Աճառեանի զգացումներուն։

Սահակ Սրբազան Հայրը, հիւրերուն բարի գալուստ մաղթեց։ Ինք, հանդիսութեան անձամբ ներկայ գտնուած ըլլալու գոհունակութիւնը կը վայելէր։ Հանդիսութեան առընթեր ուրախութիւն էր ծանօթանալ Հրաչեայ Աճառեանին եւ Փրոֆ. Թէօ ֆան Լինտին։ Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ Աճառեանի ծնած թաղը եղած էր Պատրիարքարանի առաջին վայրը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերուն տեղեկութիւններ տրուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ եւ համայնքային կառուցուածքի մասին։ Սրբազան Հայրը ի միջի այլոց գնահատեց Փրոֆ. Թէօ ֆան Լինտինը, քանի Հոլլանտացի ըլլալով հանդերձ Հայու մը նման Հայերէնի կը տիրապետէր ու իր զեկոյցը կատարած էր Հայերէն լեզուով։

Հանդիպման ընթացքին հիւրերուն նուիրուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ հրատարակութիւններէն նմոյշներ։ Այնուհետեւ, հիւրերը մեծապէս շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ հիւրասիրութեան համար։ Պատրիարքարանի հանդիպումէն յետոյ, հիւրերը Տէր Հօր առաջնորդութեամբ այցելեցին Մայր Տաճար, եկեղեցւոյ եւ համալիրին մասին տեղեկութիւններ ստացան ու բաժնուեցան Գումգաբուէն։