ՀՐԷԻՑ ԽԱԽԱՄԱՊԵՏԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Միջկրօնական

museviԹուրքիոյ Հրեայ համայնքի հոգեւոր պետ Ռավ Իզհաք Հալէվա 14 Յունուար 2013, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին Ս. Ծննդեան Տօնը շնորհաւորելու համար այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելութեան ընթացքին Խախամապետին կ՚ընկերանար Խախամապետարանի Դիւանապետ Եուսուֆ Ալթընթաշ։

Խախամապետ Հալէվա շնորհաւորելով Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնը. ըսաւ որ արտասահման գտնուելուն պատճառաւ չէ կրցած ներկայ ըլլալ աւանդական շնորհաւորութեան ու այս առթիւ եկած է Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր անձին մէջ շնորհաւորելու Հայ համայնքի Ս. Ծննդեան տաղաւարը։

Սիրալիր այցելութեան ընթացքին Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր հոգեւոր պետին։