ՀՐԷԻՑ ՆՈՐ ՏԱՐԻԻՆ ԱՌԹԻՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Միջկրօնական

20170925_160344Հրեայ համայնքին Նոր Տարւոյն՝ Ռօշ հա-Շանա Տօնին առիթով, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 25 Սեպտեմբեր 2017, Երկուշաբթի, ժամը 16.00-ին, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Րաբունապետ Րաւ Իցխաք Հալէվային։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ Դիւանապետ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Տեղապահ Սրբազանը յանուն Պատրիարքական Աթոռի եւ Հայ համայնքին յանձին Րաբունապետի շնորհաւորեց Հրեայ համայնքը եւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ։ Նաեւ յաջողութիւն մաղթեց Րաբունապետին, որ նոյն պաշտօնին վերընտրուած էր անցեալ ամիսներուն։ Րաբունապետ Հալէվա, իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն քաղաքավարական այցելութեան առիթով, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Տեղապահ Սրբազանը, ձեռնարկած իր նոր պաշտօնին առթիւ։