ՀՐԷԻՑ ՆՈՐ ՏԱՐԻԻՆ ԱՌԹԻՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Միջկրօնական

Հրեայ համայնքին Նոր Տարւոյն՝ Ռօշ հա-Շանա Տօնին առիթով, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 29 Սեպտեմբեր 2014, Երկուշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Խախամապետ Րաւ Իցխաք Հալէվային։

Նորին Սրբազնութիւնը յանուն Պատրիարքական Աթոռի եւ Հայ համայնքին յանձին Խախամապետի շնորհաւորեց Հրեայ համայնքը եւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ։