ՀՐԷԻՑ ՊԱՍԷՔԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Եկեղեցական,Միջկրօնական

ՀՐԷԻՑ ՊԱՍԷՔԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան 25 Ապրիլ 2017, Երեքշաբթի, Պասէքի տօնին առթիւ փոխադարձ այցելութիւն տուաւ Հրէից Խախամապետ Ռավ Իցհաք Հալէվայի։

Նորին Սրբազնութիւնը, սոյն այցելութեամբ, Յարգելի Խախամապետի անձին մէջ շնորհաւորեց Հրեայ համայնքի Տօնը։  Խախամապետը, փոխադարձ բարեմաղթութիւնները յղեց Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր ու անգամ մը եւս մաղթեց որ Ս. Յարութեան տաղաւարը դառնայ օրհնաբեր տօն մը։