ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ու Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանի, եւ Խնամակալութեան Ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուի 14 Հոկտեմբեր 2019, Երկուշաբթի ժամը՝ 15.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

 

Անոնք Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու իրենց աւանդական մատաղօրհնութեան, որ պիտի կայանայ 27 Հոկտեմբեր 2019 Կիրակի՝ Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ։

 

Անոնք Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի հետ առնչուած զանազան հարցերու մասին։

2019 GALATA

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Ան գնահատեց իրենց ծառայութիւնը  ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։