ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

getronaganՂալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Ազգ. Վարժարանի Խնամակալութեան ներկայացուցիչները, 11 Յունուար 2013, Ուրբաթ, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Ղալաթիոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուի 20 Յունուար 2013, Կիրակի առաւօտ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ապա յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ պիտի սարքուի սիրոյ սեղան ի նպաստ Կեդրոնական Ազգ. Վարժարանին։ Այցելուները տեղեկութիւն տուին Կեդրոնական Ազգ. Վարժարանի մասին, խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը օրուան հոգեւոր հանդիսութեան։

Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Ղալաթիոյ Խնամակալութեան, իր Աստուածահաճոյ, եկեղեցանուէր ու կրթանուէր բոլոր գործունէութեանց մէջ։