ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

galata neteՂալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեանի, 8 Յունուար 2015, Չորեքշաբթի, ժամը 14.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին, որ 18 Յունուար 2015, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ պիտի մատուցուէր Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ, որմէ յետոյ Պէզճեան սրահին մէջ պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանին։ Այցելուները, կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ընդառաջեց եղած խնդրանքին, գնահատեց ներկաները, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։