ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

26168982_885256838300867_8485025594476252827_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 5 Յունուար 2018, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանի։

Այցելուները յայտնեցին, որ 14 Յունուար 2018, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ պիտի մատուցուէր Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ, որմէ յետոյ Պէզճեան սրահին մէջ պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանին։ Այցելուները, կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց, ինչպէս նաեւ վարժարանի հետ կապուած զանազան նեղութեանց մասին։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, մօտէն հետաքրքրուեցաւ վարժարանի ներկայ կացութեամբ։ Հայրական թելադրութիւններ ըրաւ եւ մաղթեց որ վարժարանը յաղթահարէ նիւթական նեղութիւնները։ Նորին Սրբազնութիւնը շեշտեց թէ՝ Ազգ.Կեդրոնական Վարժարանը, Պոլսահայ կրթական կեանքի կարեւորագոյն հաստատութիւններէն մին է։ Սրբազան Հօր մաղթանքն էր այս հաստատութիւնը տեսնել իր բարձր պաշնէշին վրայ։ Այս առթիւ, գնահատեց ներկաները, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց դժուարին գործունէութեանց մէջ։