ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

23559551_860315800794971_97630879876294412_nՂալաթիոյ Ս. Գրիգոր ԼուսաւորիչԵկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 16 Նոյեմբերք 2017, Հինգշաբթի, ձեռամբ Պատրիարաքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Ներկայ էին Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիւանեան, Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Գոփարեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։23622250_860315794128305_848910952303640782_n

23722493_860315784128306_3277497614481802213_nՏեղապահ Սրբազան Հայրը, ժամը 09.30-ին զանգակներու ղօղանջներով, ներկայ հոգեւորականներու, խնամակալներու եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանի աշակերտներուն կողմէ դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ մուտքին։ Եկեղեցւոյ մայր դրան առջեւ կատարուած Դռնբացէքի Արարողութենէն յետոյ, ներկաներ մուտք գործեցին եկեղեցի։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորիս Սրբազնութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ աւագ խորանը, մկրտութեան աւազանը եւ գովնտի մատուռներու Ս. Սեղանները, որոնք նուիրուած են Ս. Յովհաննու Կարապետի եւ Ս. Ստեփանոսի։

23621319_860316087461609_1125763387955079950_n23621589_860316037461614_6942055350249975068_n23621189_860315787461639_2708232257188598166_nՆաւակատիքի արարողութեան աւարտին, նորաօծ Ս. Սեղանի վրայ մատուցուեցաւ Անդրանիկ Ս. Պատարագ, ձեռամբ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, Բրշ. Արման Սրկ. Մարաշլեան եւ դպիրներ։ Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին հաւատացեալներ ու աշակերտներ՝ գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցիչներուն։ Յաւարտ Ս. Պատարագի Տեղապահ Սրբազան Հայրը, իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն ու փառք տուաւ կատարուած արարողութեան համար։ Սրբազան Հայրը յիշեցուց թէ՝ սուրբ բառը կարեւոր նշանակութիւն ունի եկեղեցւոյ մէջ եւ ըսաւ։ «Սուրբ բառը կը նշանակէ՝ Աստուծոյ նուիրուած։ Եկեղեցին բարեզմարդման աշխատութեանց աւարտին, օծուած ու մաքրուած ըլլալով, պատրաստ էր որպէս աղօթքի տուն հաւատացեալները ողջունելու իր սուրբ կամարներուն ներքեւ։ Սրբազան Հայրը յիշեցուց նաեւ թէ՝ Քրիստոնեաներ պէտք է յիշեն իրենց սրբութիւնը։ Մեղքով ապականած մարդը, Քրիստոսով վերստին ծնելու ու հոգեպէս մաքրուելու արժանի եղած է։ Այնուհետեւ մարդը այս գիտակցութեամբ պէտք է ծառայէ Աստուծոյ։ Հակառակ պարագային մարդը սատանայի ծուղակներուն մէջ իյնալով կրնայ հեռանալ իր Քրիստոնէական կոչումէն ու կրնայ մեղքով ապականեցնել իր կեանքը։ Այս ուղղութեամբ եկեղեցւոյ մաքրութիւնը լաւ յիշեցում մը պիտի ըլլայ բոլորիս»։

23561610_860316094128275_6830598654460785629_n23561526_860316090794942_1725261264034349767_nՔարոզի աւարտին, Նորին Սրբազնութիւնը թափորով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ ներքնայարկի Սուրբ Ամենափրկիչ Մատուռը,ուր կը գտնուի Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ քաջասիրտ հովուուապետներէն Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքի շիրիմը։ Այստեղ հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցաւ Երջանկայիշատակ Պատրիարք Սրբազանը։

23621461_860315790794972_5853401020500426383_nԱրարողութեանց աւարտին, Ղալաթիոյ Խնամակալութեան եւ ՏիկնանցԿազմին կողմէ Եկեղեցւոյ Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Պատրիարք Սրահին մէջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ։ Այս առթիւ, Տեղապահ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատութեանց սատարողները, խնամակալութեան անդամները։ Այս առթիւ յաջողութիւն մաղթեց նաեւ Ազդ. Կեդրոնական Վարժարանի կրթական կազմին եւ աշակերտութեան, գլխաւորութեամբ Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանի։ Վերջին աղօթքով հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ։

23559551_860315800794971_97630879876294412_n

Photo: Bolis Photo​