ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական

Շուրջ երկու ամիս տեւող բարեզարդման աշխատանքներըաւարտուած ըլլալով, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր ԼուսաւորիչԵկեղեցին պաշտամունքի վերաբացուեցաւ 31 Օգոստոս 2005,Չորեքշաբթի երեկոյեան։

Արարողութեանց նախագահեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. ՊատրիարքՀայրը։ Նաւակատիքի հանդիսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ.Շահան Արքեպս. Սվաճեան եւ Գերշ. Տ. Արամ Եպս. Աթէշեան,վեղարաւոր եւ քահանայ հայրեր։

Կանոնական արարողութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը եւհոգեւորականներ մուտք գործեցին բարեզարդեալ տաճարէն ներս։Քահանայ հայրեր օրհնեալ ջուրով եւ գինիով սրբեցին եկեղեցւոյսեղաններն ու Ս. Մկրտութեան աւազանը։

Աւագ Սեղանը, յարակից մասերը եւ եկեղեցւոյ սրբազան բեմըօծուեցան ձեռամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Աջակողմեան Ս.Յովհաննէս Մկրտիչ մատրան սեղանը եւ Ս. Մկրտութեան Աւազանըօծեց Գերշ. Տ. Արամ Սրբազան։ Ձախակողմեան Ս. Ստեփանոս եւներքնայարկի Ս. Ամենափրկիչ մատուռներուն սեղանները օծեց Գերշ.Տ. Շահան Սրբազան։

Ապա կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն աւարտինքարոզեց Պատրիարք Հայրը ծանրանալով վերանորոգմանգաղափարին վրայ եւ շեշտեց թէ նիւթական բարեզարդման պէտք էընկերանայ նաեւ հոգեւոր եւ բարոյական վերանորոգումը։

Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ մեր համայնքային ու հոգեւորկեանքի նուիրական արժէքներուն մասին, որոնք տակաւ առ տակաւ կըմաշին հոգեւոր եւ տոհմիկ վերանորոգման փափաքինբացակայութեան պատճառաւ։ Նորին Ամենապատուութիւնըժողովուրդը հրաւիրեց գուրգուրալու մեր սրբութիւններուն վրայ,յատկապէս ուշադրութիւն դարձնելով մեր զաւակներու հայեցի եւքրիստոնէական դաստիարակութեան՝ ընտանեկան յարկերուն ներքեւ։

Արարողութեանց աւարտին, Ղալաթիոյ Խնամակալութեան եւ ՏիկնանցԿազմին կողմէ Եկեղեցւոյ Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Պատրիարքսրահին մէջ թէյասեղան սարքուեցաւ։ Այս առթիւ, Ամեն Ս. ՊատրիարքՀայրը բարձր գնահատեց Մկրտիչ Արծիւեանի ատենապետածխնամակալ մարմինը տարուող գովելի աշխատանքին համար։

ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ 
Պոլսոյ այսօրուան հայապատկան տաճարներուն մէջ պատմականօրէնհնագոյն եկեղեցին է։ Գոյութիւն ունեցած է նախ քան ՊոլսոյՊատրիարքութեան հաստատուիլը։
Ղալաթիոյ մէջ Ս. Սարգիս անունով հայ եկեղեցւոյ 1360 եւ 1361թուականներուն գոյութիւնը յիշատակուած է ձեռագիրներույիշատակարաններուն մէջ։

Խրիմի Կաֆա քաղաքէն Կոմս անունով վաճառական մը հող գնելով1391-ին շինած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։

Երկրորդ անգամ վերաշինուած է 1436-ին Կաֆայեցիվաճառականներու արդեամբ։ 7 Ապրիլ 1660-ին Ղալաթիոյ մեծ հրդեհէնկ՚ազատի հրոյ ճարակ ըլլալէ։

Սակայն 1731 թուի Մեծ Պահքին հրոյ ճարակ կը դառնայ։ ԵրանաշնորհՅովհաննէս Թ. Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքի ջանքերով 15Դեկտեմբեր 1732-ին վերաշինութեան հրովարտակը կը շնորհուի եւեկեղեցին կը վերակառուցուի Կեսարացի Սարգիս Խալֆայիճարտարապետութեամբ։

Եկեղեցին 7 Փետրուար 1771-ին նորէն հրոյ ճարակ կը դառնայ։Իրերայաջորդ երեք սուլթաններու դիմում կը ներկայացուի որպէսզիվերաշինութեան արտօնութիւն շնորհուի։ Սակայն եկեղեցւոյաշխարհական վարիչները եկեղեցւոյ գանձը յափշտակելովկ՚իւրացնէին եւ կը վախնային որ հաւաքուած դրամը իրենցմէ բռնիպիտի պահանջուէր։ Գլխաւորաբար այս էր պատճառը, որ եկեղեցինշուրջ 28 տարիներ մնաց աւերակ վիճակի մէջ։ Ուխտաւոր բարեպաշտժողովուրդը սակայն ամառ եւ ձմեռ հաւատքով կը շարունակէր դիմելսրբավայրին արհամարհելով ամրան տօթակէզ տաքը եւ ձմրանցուրտը։ Հրաշքներ կը կատարուէին յատկապէս Յովհաննէս ԿոլոտՊատրիարքի դամբանին մօտ, ուր հաւաքուած էին Երանաշնորհ ՍուրբՀայրապետին սուրբ աճիւնները։ Ի վերջոյ 1799-ին վերակառուցուեցաւճարտարապետութեամբ Մինաս Խալֆայի։ Օծումը կատարուեցաւՍուրմառցի Դանիէլ Պատրիարքի ձեռամբ, նոյն տարւոյ Նոյեմբերի13-ին։

Եկեղեցին վերանորոգուած է 1834-ին եւ օծուած՝ 11 Դեկտեմբեր 1834-ին, ձեռամբ Պրուսացի Երանաշնորհ Ստեփանոս ԱղաւնիՊատրիարքի։ 1888-ին, եկեղեցւոյ ճակատը կտրուելով ներս քաշուածեւ երեք տաճարներ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Խաչ եւ Ս. Կարապետիմիջնորմերը վերցուելով իրարու միացուած են։ Եկեղեցին, ԱտնանՄէնտէրէսի վարչութեան օրով, 1958-ին ապասեփականացուած է։

Նախկին տաճարին շուրջ մէկ երրորդին չափով, Ս. Գրիգոր ԼուսաւորիչԵկեղեցին վերակառուցուած է  1961-ին, ըլլալով Ստանպուլիհանրապետական շրջանի միակ հայ եկեղեցին, կառուցուած՝հայկական ոճով եւ ճարտարապետութեամբ Պետրոս Զոպեանի։Հիմնարկէքը կատարուած է 8 Ապրիլ 1962-ին, ձեռամբ ԵրանաշնորհՇնորհք Պատրիարքի։ Երանաշնորհ Պատրիարքը 25-26 Օգոստոս1965-ին կատարեց նորակառոյց եկեղեցւոյ նաւակատիքիարարողութիւնները։

Եկեղեցւոյ ներքնայարկի Սուրբ Ամենափրկիչ Մատրան մէջ կը գտնուիԵրանաշնորհ Յովհաննէս Կոլոտ Թ. Բաղիշեցի Պատրիարքի(1678-1741) դամբարանը։ Երանաշնորհ Պատրիարքը պաշտօնավարածէ 9 Սեպտեմբեր 1715 եւ 13 Փետրուար 1741 թուականներուն միջեւ։Ծանօթ է եկեղեցաշէն գործունէութեամբ։ Եղած է երկրորդ հիմնադիրնու ծաղկեցնողը Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին։ Կարեւորութիւնընծայած է կրթութեան։ Զարգացած հոգեւորականներ պատրաստելուհամար Սկիւտարի բարձունքին բացած է Դպրեվանքը։ Իր եկեղեցաշէնգործունէութիւնները տարածած է մինչեւ Աղթամար, Կիլիկիա, Ս.Էջմիածին եւ Ս. Երուսաղէմ։ Քաջալերած է գիրքերու տպագրութիւնը։Եւրոպական լեզուներէ թարգմանել տուած է աստուածաբանականերկեր։ Երանաշնորհ Պատրիարքի դամբարանը ուխտատեղի էհաւատացեալներու, որոնք յարգանքով կը մօտենան եւ կը խնդրեներանաշնորհ հայրապետին բարեխօսութիւնը։

Ղալաթիոյ Եկեղեցւոյ մէջ թաղուած է նաեւ Երանաշնորհ Գրիգոր Բ.Կեսարացի Պատրիարքը, վախճանած՝ 1636-ին։ ԵրուսաղէմիՎանքին պարտքերուն վճարման համար օգտակար ծառայութիւններունեցած է։ Երեք շրջան գահակալած է Պոլսոյ ՊատրիարքականԱթոռին՝ 1601-1608, 1611-1621 եւ 1623-1626 թուականներուն միջեւ։ ԻրՊատրիարքութեան երկրորդ շրջանին Պոլսոյ մէջ վարդապետձեռնադրած է Ս. Մովսէս Տաթեւացին, ապա Կաթողիկոս ԱմենայնՀայոց։ Ճանչցուած է նաեւ որպէս բանաստեղծ։ Դժբախտաբարանյայտ է իր դամբանին տեղը։

Եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ կը գործէ Կեդրոնական ԱզգայինՎարժարանը, որ Երանաշնորհ Ներսէս ՊատրիարքՎարժապետեանի գաղափարի յղացումով կառուցուած է։Երանաշնորհ Յարութիւն Պատրիարք Վեհապետեանի շրջանին, 1886 թուականին, լծուած է իր կրթական առաքելութեան որպէսբարձրագոյն վարժարան եւ ներկայիս կը շարունակէ լիսէիմակարդակով ուսում ջամբել պոլսահայ համայնքի զաւակներուն։