ՃԱՓՈՆ ԵՒ ԳԵՐՄԱՆ ՀԻՒՐԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Միջկրօնական

Ճափոնիոյ Տօշիշա Համասարանի աշակերտներ եւ Գերման ուխտաւորներ, 6 Մարտ 2014, Հինգշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Ճափոնիոյ Տօշիշա Համասարանի աշակերտները, առաջնորդութեամբ՝ իրենց դասատու Իտրիս Տանըշմազի, ժամը 14.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան։ Իսկ Գերման ուխտաւորներ, առաջնորդութեամբ աստուծաբան Ալբէրտ Լամբէի ժամը 15.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին, Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան Թանգարանը։

Հիւրերը, Հայ Եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելած էին Պատրիարքարան։ Անոնք հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբազնութեան եւ հակիրճ տեղեկութիւններ ստացան Հայ Եկեղեցւոյ մասին։

japon

alman