ՄԱԼԱԹԻԱ ՀԱՅՏԷՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

malatya hayderՄալաթիա Հայրենակցական Միութեան (ՀԱՅՏԷՐ) անդամներէն Սարգիս Չիզմէճի, Գէորգ Էօզքարակէօզ եւ Նուրիձա Եասուլքալ, գլխաւորութեամբ միութեան ատենապետ՝ Կարպիս Էւեափանի, 28 Հոկտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, միութեան վերջին շրջաններու աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Սրբազնութեան, որ Մալաթիոյ Հայոց գերեզմանատունը բարեզարդուած ըլլալով կը խնամուէր քաղաքի Հայ համայնքի անդամներուն կողմէ։ Սրբազան Հայրը, իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ գնահատեց Մալաթիոյ մշակութային հարստութիւններու ծանօթացման համար միութեան տարած աշխատանքը։